ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի հայաթափման քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք՝ 1988-1992 թուականներուն ընթացքին Հայաստան ընդունած է 420 հազար հայ գաղթական ընտանիքներ:
Հայաստանի «Միգրացիոն ծառայութիւն»ը յայտնեց, որ գաղթականներուն թիւը կը կազմէր այդ ժամանակուան Հայաստանի բնակչութեան 12 տոկոսը: Նման մեծ թիւով գաղթականներու ընդունումը մարտահրաւէր էր Հայաստանի համար, սակայն Հայաստան եկածներէն զգալի մաս մը տեղափոխուեցաւ այլ երկիրներ՝ Ռուսիա, եւրոպական երկիրներ, Միացեալ Նահանգներ եւ այլն: Այն գաղթականները, որոնք մնացին Հայաստան, տեղաւորուեցան տարբեր վարչական կառոյցներ՝ հիւանդանոց, առողջարան, մանկապարտէզ, դպրոց, հանրակացարան եւ այլն:
Փախստականներու հարցերը բազմաթիւ էին, սակայն տարիներ շարունակ բնակարանային հարցը յամեցաւ: Պետութիւնը կարելիութիւնը չունեցաւ ամբողջութեամբ լուծելու այս հարցը։ Գաղթականները բնակարանով ապահովելու ուղղութեամբ իրականացուած ծրագիրներ գործադրուած են 2005-2008 թուականներուն: Ընտանիքներու տրամադրուած են առաւել քան 1000 բնակարան գնելու վկայագիրներ, սակայն անոնցմէ միայն 700ը կրցած են բնակարան գնել։
«Միգրացիոն ծառայութիւն»ը դիտել տուաւ, որ այս հարցերուն լուծման համար յաւելեալ 2.1 միլիառ դրամ պիտի յատկացուի՝ 180 ընտանիքներու բնակարանային հարցը լուծելու առաջադրանքով:
2018ին, անգամ մը եւս բնակարանային հարցերուն վերաբերեալ վերահաշուարկ կատարուած էր եւ արձանագրուած հետեւեալ պատկերը՝ 895 ընտանիքներ ամբողջ Հանրապետութեան տարածքին՝ 254ը մարզերու եւ 641ը Երեւանի մէջ: Նկատի ունենալով, ծանրաբեռնուածութիւնը Երեւանի մէջ է, ծրագիրը սկսած է մայրաքաղաքէն: Առաջին փուլով կառավարութեան որոշումով 1.5 միլիառ դրամ յատկացուած է Աջափնեակ, Աւան, Մալաթիա-Սեբաստիա, Նորք-Մարաշ, Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջաններու 112 ընտանիքներու բնակարանային հարցը լուծելու համար: