ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու միութիւնը կոչ կ՛ընէ՝ միանալու 45ամեայ Րաֆֆի Սայեղի կեանքը փրկելու ջանքերուն, ներկայանալով այդ նպատակով 20 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 5-8 տեղի ունենալիք ոսկրածուծի նուիրահաւաքի ձեռնարկին։ Արեան քաղցկեղէ տառապող Րաֆֆիին ոսկրածուծին ամենայարմար թեկնածուները կը նկատուին հայերը եւ Իրաքի գլտանիները, նախընտրաբար 18-50 տարիքներուն միջեւ։ Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Էտվենթիստ» հիւանդանոցի սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 1509 Wilson Terrace, Glendale, CA 91206։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ դիմել (818) 334-0389 կամ (626) 663-3609 թիւերուն կամ այցելել www.abmdr.am կայքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.