Շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեց Նոր Տարին, նորանոր նուաճումներ, յաջողութիւններ եւ կարեւոր ծրագիրներ իրագործելու լաւատեսութեամբ:
Այս տարի, գեղեցիկ այս նախաձեռնութիւնը ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 9 Յունուարի երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Կլենտէյլի «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ առաւել քան 160 մասնակիցներու:
Տօնական այս եզակի ձեռնարկին հովանաւորներն էին ՀՄԸՄի 44րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերու պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկ. Կարօ եւ Սօսի Էշկիեանները: Ձեռնարկին մասնակցող հրաւիրեալներուն կարգին էին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Արտակ Ա. քհնյ. Տէմիրճեան, որ կը ներկայացնէր թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ՀՄԸՄականներ տոքթ. Գարմէն Օհանեան եւ Կարօ Իսբէնճեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փօլատեան եւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակի ընդհ. տնօրէն Ժասիկ Ջառահեան, ՀՄԸՄի ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեան, ՀՄԸՄի անցեալի Շրջանային վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄի Սկաուտական եւ Մարզական խորհուրդները, Շրջանային յանձնախումբերը, Նաւասարդեանի ենթայանձնախումբերը, մասնաճիւղերու նորընտիր վարչութիւններու կազմերը, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու անցեալի պատուոյ նախագահները, «Տիպար ՀՄԸՄական»ներ եւ այլ հիւրեր:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անունով ներկաները ողջունեց ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեան, որ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն՝ շնորհաւորեց անոնց Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը ու յաջողութեան իր լաւագոյն մաղթանքները փոխանցեց բոլորին: Եղբայրը նաեւ Շրջանային վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ գործող բոլոր կամաւորներուն, որոնց զոհողութեան եւ անշահախնդիր աշխատանքներուն շնորհիւ ՀՄԸՄը միշտ յաջողութեան հասած է իր ազգանուէր ծրագիրներուն մէջ: Ան յատկապէս երախտագիտութիւն յայտնեց Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ ենթայանձնախումբերուն, որոնք անսակարկ նուիրուով գործելով՝ լաւապէս կազմակերպեցին եւ իրականացուցին բազմահազար հետեւորդներ ունեցող ՀՄԸՄի 44րդ Նաւասարդեան մարզախաղերը:
Ակնյայտ էր, որ երեկոն Ամանորեայ տօնախմբութեան առընթեր, նաեւ երախտագիտական երեկոյ մըն էր, որ տօնական ուրախ մթնոլորտի մը մէջ գնահատանքով կ՛արժեւորէր ՀՄԸՄականներուն գործունէութիւնը, նոյն ժամանակ նոր տարեշրջանի, այս պարագային 2020 տարուան, միութենական գործունէութեան խանդավառ սկիզբը կ՛ազդարարէր:
Թիւֆէնքճեանի գնահատանքի խրախուսիչ խօսքերէն ետք, գեղեցիկ անակնկալով մը, իւրաքանչիւր սեղան, վիճակաձգութեամբ, իր երեկոյի բախտաւորը ունեցաւ, որ Շրջանային վարչութեան կողմէ տրամադրուած գեղեցիկ նուէրին արժանացաւ:
Ամանորեայ եւ Ս. Ծննդեան տօներուն նուիրուած գեղեցիկ այս երեկոն ուրախ մթնոլորտի մը մէջ շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր, ՀՄԸՄական երգիչ Վարանդի հրամցուցած գեղեցիկ երգերով: Ներկաները, համագործակցելու պատրաստակամութեամբ՝ առիթը ունեցան նաեւ իրենց Ամանորեայ շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները փոխանցելու իրենց սեղանակիցներուն եւ հիւրերուն:
Ամանորեայ շնորհաւորանքները եւ մանաւանդ միութենական գործունէութեան գնհատանք կատարելը գեղեցիկ երեւոյթ է ՀՄԸՄի մէջ, որ նախանձելի սովորութեան վերածուած է: Իսկ Ամանորը նման միացեալ ոյժերով դիմաւորելը անկոտրուն կամքի եւ վերանորոգուած ուխտով գործելու դրսեւորում է:
Շնորհաւոր Նոր Տարի Եւ Ս. Ծնունդ:
ԱՐԵՆՈՅՇ