ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ քննելէ ետք բոլոր թեկնածուներուն պատասխանները իր յղած հարցարաններուն, յանձնախումբին վարչութիւնը որոշած է Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ընտրութեանց ընթացքին նեցուկ կանգնիլ ներկայիս այդ մարմինին մաս կազմող Նայիրի Նահապետեանին եւ Ճենիֆըր Ֆրիմոնին։
«Ֆրիմոն եւ Նահապետեան իրենց պաշտօնավարութեան ընթացքին ցոյց տուած են, որ նուիրուած են Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի աշակերտութեան վիճակը բարելաւելու ջանքերուն եւ կարողութիւնը ունին լաւապէս կառավարելու կրթաշրջանը, կրթական առողջ միջավայր մը մէջտեղ բերելով», կը յայտնէ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Լուսի Պետրոսեան՝ աւելցնելով, որ երկու թեկնածուներուն կեցուածքները կը համապատասխանեն Հայ Դատին կողմէ յառաջ մղուած առաջնահերթուիւններուն։
Նշենք, որ Ֆրիմոն կը մասնակցի Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան Ա. ընտրատարածքի (հիւսիսային) ընտրութեանց, իսկ Նահապետեան՝ Ե. ընտրատարածքի (հարաւային)։