ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- «Ակօս» թերթի հիմնադիր-խմբագիր Հրանդ Տինքի սպաննութեան 13րդ տարելիցին առիթով, զանազան միջոցառումներ տեղի պիտի ունենան թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ արտասահմանի բազմաթիւ կեդրոններու մէջ: Սովորաբար, Տինքի ընտանիքը շիրիմին մօտ տեղի ունեցող կրօնական արարողութիւնով կը նշէ Հրանդին յիշատակը, իսկ հասարակական կազմակերպութիւններ կը ձեռնարկեն զանազան ասուլիսներ:
Այս տարի եւս յիշատակման գլխաւոր ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Ակօս»ի նախկին խմ-բագրատան առջեւ, 19 Յունուարի յետմիջօրէին:
Բացի այդ, 17 Յունուարին, «Արաս» հրատարակչատան «Եսայեան» սրահին մէջ պիտի բանախօսէ Ումութ Թիւմայ Ասլան:
19 Յունուարին Պէյօղլուի «Հանճը» կոչուող վայրին մէջ Հրանդի յիշատակին ձօնուած համերգով բեմ պիտի ելլէ «Ոմանք» երաժշտական խումբը:
Նոյն օրը, Պոտրումի մէջ, «Հերոտոթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ, իրաւաբան Էնկին Ճինմենի կողմէ պիտի ներկայացուի միջոցառում մը, որուն պիտի մասնակցութիւն բերեն Սիլվա Էօզյէրլի եւ Թայֆուն Աթայ:
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութիւնը եւս աւանդութիւն դարձուցած է ամէն տարի հոգեհանգիստով եւ ոգեկոչման ձեռնարկով յիշատակելու Հրանդ Տինքը: Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, այս տարուան ձեռնարկները տեղի պիտի ունենայ 19 Յունուարին։ Նոյն օրը, Հարվըրտի մէջ տեղի պիտի ունենայ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին այս անգամ ելոյթ պիտի ունենայ ընկերաբան Յովհաննէս Քըլըչտաղ:
Գերմանիոյ մէջ, նախորդ տարիներուն, ձեռնարկներու վայրն էր Մաքսիմ Կորքիի անուան թատրոնը, ուր այս տարի Թուրքիայէն, Վրաստանէն եւ Հայաստանէն արուեստագէտներ բեմ պիտի բարձրանան: Բացի այդ, պիտի արտայայտուին նաեւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի անձնակազմէն Զէյնեփ Թաշքըն եւ «Յուշամատեան»էն Վահէ Թաշճեան:
Գանատայի ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Օթթաուայի մէջ, ուր Սեն Լաուրս համալսարանի դասախօս Հաուըրտ Էյզընսթատ պիտի բանախօսէ՝ «Օսմանեան կայսրութեան մէջ ազգայնականութիւնը եւ արդի Թուրքիան» նիւթով: Նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ Կիւլսիւն Օտապաշի ֆիլմին ցուցադրութիւնը եւ Կարօ Ալթընայի երաժշտական կատարումը: