ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն հաստատեցին, որ 27 Հոկտեմբերի գործով ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Նայիրի Յունանեանի կողմէ նամակ մը յղուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
Վարչութենէն նշեցին, որ նամակին վերաբերող այլ մանրամասնութիւններ հրապարակման ենթակայ չեն:
Մամուլը մինչ այդ գրած էր, որ Նայիրի Յունանեան վարչապետին ուղղուած նամակով պատրաստակամութիւն յայտնած էր մասնակցելու 27 Հոկտեմբերի անջատուած մասով գործի քննութեան, զոր վերաբանալու որոշում կայ: