ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը մերժեց Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանը բուժ-ման նպատակով Ֆրանսա ուղարկելու միջնորդութիւնը:
Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի պաշտպանները դատարանին միջնորդութիւն ներկայացուցին՝ բուժման նպատակով զայն Ֆրանսա ուղարկելու վերաբերեալ:
Դատական նիստին Մ. Գրիգորեանի պաշտպան Լեւոն Բաղդասարեան հաստատեց, որ Գրիգորեանի հարազատները պիտի հոգան Ֆրանսայի մէջ բուժուելու բոլոր ծախսերը:
Մեղադրող կողմը առարկեց միջնորդութեան՝ նշելով, որ որեւէ փաստացի տուեալ եւ հիմնաւորում չկայ, որ Մանուէլ Գրիգորեան ներկայիս առողջական անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն չի կրնար ստանալ Հայաստանի մէջ: