Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան եւ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին, միութեան «Կարպեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս եւ գինեձօն Սեւան Հանէշեան Պետուրեանի «Արեգնատենչ Հորիզոններ» նորատիպ բանաստեղծական հատորին:
Օրուան հանդիսավարն էր միութեան ատենապետուհի Եսթեր Չէլէպեան Թոկնոզի: Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գրական միաւորի անդամ Րաֆֆի Մելքոնեան: Ան ներկայացուց բանաստեղծը եւ անդրադարձաւ հայ գրականութեան կարեւորութեան, մանաւանդ օտար ափերուն մէջ:
Բանաստեղծական հատորը ներկայացուց Քեսապի զաւակ Ցոլակ Աբէլեան: Ան լայնօրէն անդրադարձաւ հատորին բովանդակութեան, որ նուիրուած է Քեսապի արեգնատենչ հորիզոններուն. այս երկու բառերուն ընդմէջէն հեղինակը ցոյց կու տայ, թէ հորիզոնները արեգակին տենչը ունին եւ միշտ կը փնտռեն այդ արեւը: 103 բանաստեղծութիւններէ բաղկացած է հատորը ունի 11 գլխաւոր բաժիններ:
Առաջին բաժինին մէջ կան 12 բանաստեղծութիւններ, որոնք կը խօսին կեանքին եւ հոգիին մասին: Հոգին եւ կեանքը տիրական ներկայութիւն են այս հատորին մէջ եւ կանչ մը կայ գիւղէն՝ սիրտին, հոգիին խորքէն կանչ մը դէպի կեանք. ժպիտ մը կայ այնտեղ, ուր կը տեսնենք բանաստեղծին հոգին:
Երկրորդ բաժինի 11 բանաստեղծութիւններուն մէջ երազը տիրական ներկայութիւն է: Եթէ երազ չըլլայ, իրականութիւն գոյութիւն չունի. երազն է, որ կը զարթնեցնէ մարդը, մանաւանդ բանաստեղծին կեանքին մէջ գարունը, կարօտը, արեգակը, ճամբան, եւ այդ ճամբուն վերադարձը։
14 բանաստեղծութիւններ ունեցող երրորդ բաժինը կը խօսի «Որոնումներ»ու մասին։ Հարցեր կան մեր կեանքին մէջ, որոնց պատասխանը չունինք: Իտէալին հասնելու համար միշտ կ՛որոնենք։
Յաջորդ բաժինը ունի 9 բանաստեղծութիւններ, որոնք կը խօսին կեանքին մասին։ Հոն տիրական է բնութիւնը եւ բնութեան մէջէն՝ կեանքի երգը. հարց կը տրուի՝ «մե՞նք կ՛երգենք, թէ բնութի՞ւնը»: Քեսապցիները շատ լաւ կը հասկնան բնութիւնը, որ իր մէջ ունի երգ մը։ Ամէն մէկ ծաղիկ իր մէջ ունի պատմութիւն մը, յիշատակ մը, երգ մը, բոյր մը, եւ բանաստեղծը ապրած ըլլալով իր գիւղին մէջ, իւրաքանչիւր ծաղիկին մէջ տեսած է երանգ մը եւ այդ երանգը յանձնած է թուղթին:
Բնութեան մասին խօսելուն առընթեր, բանաստեղծը յաջորդ բաժինին մէջ կու գայ խորանալու Յիսուս Քրիստոսի մէջ եւ իր հոգիին խորքէն ելող 5 բանաստեղծութիւններուն մէջ կը տեսնենք քրիստոնէական ապրումները։ Ան կը փառաբանէ Աստուածամայրը գեղեցիկ կերպով, ինչպէս նաեւ Նարեկացին վեր կը բարձրացնէ իր մեծութեան մէջ:
Յաջորդ բաժինը տիեզերքի մասին է։ Հոն տեղ գտած 8 բանաստեղծութիւնները իսկապէս իրենց խորքով, իմաստով եւ փիլիսոփայութեամբ կը ներկայացնեն երկինքի աստղերը, երկնակամարը, լուսինը, ժամանակը, բնութիւնը, անձրեւը, մահիկը եւ ձիւնը: Քեսապի մէջ այս բոլորը կը վայելէ հեղինակը. այնքան գեղեցիկ բնութիւն, որ երբ մահիկը երկնակամարին վրայ կը դրոշմուի կամ երբ անձրեւ կու գայ, անոնց մէջ կը տեսնէ գեղեցկութիւն։
Յաջորդ բաժինը 7 բանաստեղծութիւններ կ՛ընդգրկէ։ Հոն կ՛արտացոլան քաղաքը, գիւղը, քաղաքի զարթնումը, այգը, մթնշաղը եւ հորիզոնէն անդին եղող երեւակայութիւնը:
Յաջորդ բաժինին 12 բանաստեղծութիւններուն մէջ Քեսապը ներկայացուած է շատ հարազատ, ջինջ եւ գեղեցիկ կերպով։ Հոն հոյակապ կերպով ներկայացուցած է գիւղին եղանակները, ուռենին, գարունը, լալան, մանուշակը, մառախուղը, մայրի ծառը, բլուրը, լեռն ու ձորը:
Վերջընթեր բաժինի 11 բանաստեղծութիւններուն մէջ բանաստեղծը կը գրէ իր ապրումներուն մասին, Արեւմտահայաստան եւ Կիլիկիա իր կատարած ուխտագնացութիւններուն ընթացքին: Իսկապէս մեծ հաճոյքով կ՛ընթերցուին Վանը, Անին, Աղթամարը, Կիլիկիան եւ այնտեղ գտնուող խաչքարերը, վանքերը եւ այլ սրբութիւններ պատկերող այս բանաստեղծութիւնները, ուր ընթերցողը պիտի տեսնէ, թէ մեր աւերուած ու գրաւուած հողերուն մէջ մենք որքան հարստութիւն ունինք։ Բանաստեղծը իր հոգիէն մասնիկ մը կարծես այնտեղ թողած՝ կը վերադառնայ դէպի իր քաղաքը:
Հատորին վերջին բաժինը ունի 3 բանաստեղծութիւններ, որոնք ձօնուած են բանաստեղծին հօրը, Յիսուսի օծեալ ծառային եւ մեծանուն բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցին, որուն ոգիէն բանաստեղծը մեծապէս ազդուած է, ինչպէս յայտնի է անոր գրութիւններուն մէջ:
Հատորին ներկայացումէն ետք, Լիլիա եւ Ալէքսանտրիա Եարալեան քոյրերը իրենց շնորհալի ձայնով ներկայացուցին Կոմիտասէն երաժշտական կտորներ եւ քանոնի վրայ նուագեցին Սայեաթ Նովայէն՝ «Իս քու ղիմէթը չիմ գիտի» երգը:
Ապա հատորին հեղինակը ասմունքեց իր բանաստեղծութիւններէն՝ «Անցաւ Հոգիէս», «Մայրութիւնը», «Կարօտը», «Գիւղիս Գրկին Մէջ», «Ուռենին» եւ «Ուխտաւորին Խաչքարը»:
Գրահանդէսի աւարտին, Գարեգին քհնյ. Պետուրեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց՝ ըսելով, թէ բանաստեղծի ապրումը ինքնորոյն է եւ ներշնչումի պահը ա՛յդ իսկ պահն է, ուր ապրումը կը վերածուի բառերու: Տէր հայրը նաեւ անդրադարձաւ հայ լեզուի կարեւորութեան մասին՝ յուսալով, որ գալիք սերունդները ներշնչուին նման գործերէ, եւ մեր լեզուն աւելի եւս ծաղկի մանաւանդ Ամերիկայի այս ափերուն մէջ: Ան գնահատեց Համազգայինի Արեւ-մտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորը եւ Լոս Անճելըսի Քեսապի ուսումնասիրաց միութիւնը այս նախաձեռնութեան համար:
Ապա տեղի ունեցաւ գինեձօն, մասնակցութեամբ կազմակերպիչներուն, որմէ ետք հեղինակը մակագրեց իր գիրքերը:
Կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որոնք ամբողջութեամբ յատկացուեցան Քեսապի Ազգային ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանին:
(Թղթակցութիւնը՝
Լոս Անճելըսի Քեսապի
ուսումնասիրաց միութենէն)