ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Ճամբարակի (Գեղարքունիքի մարզ) «Անդրանիկ Դանիէլեան» կոմիտէութեան գրասենեակին մէջ, 22 Յունուարին տեղի ունեցան երդման եւ խոստումի արարողութիւններ՝ կնքահայրութեամբ ՀՅԴ գործիչ Մհեր Մելքոնեանի:
«Այս օրը ոչ միայն յիշարժան, այլեւ շրջադարձային է ձեր կեանքում: Անդամակցելով ՀՅԴ մեծ ընտանիքին՝ դուք սկսում էք կեանքի նոր ուղի, դժուարին, վայրիվերումներով ու փորձութիւններով լի ճանապարհ: Համոզուած եմ՝ պատուով կ՛անցնէք այն, ինչպէս դա անցել են ձեր նախորդները, մեր ազգային մեծ գործիչները, որոնց պէտք է ձգտենք նմանուել ամէն օր», ըսաւ Մհեր Մելքոնեան:
Երդման արարողութեան մասնակցեցաւ եւ ՀՅԴ Ճամբարակի կոմիտէութեան շարքերը համալրեց 1 նորագիր, իսկ խոստումի արարողութեան մասնակցած 8 նորագիրներու մուտքով կազմաւորուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Ճամբարակի տարածքային խումբը, որ նոյնպէս անուանակոչուեցաւ Անդրանիկ Դանիէլեանի անունով:
Արարողութիւններուն մասնակցողներուն իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց եւ նորագիրներուն բարի գալուստ մաղթեց նաեւ ՀՅԴ Ճամբարակի կոմիտէի նախագահ Գագիկ Աբրահամեան:
Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ ապագայ ծրագիրներու շուրջ լայն քննարկում: