ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 23 Յունուարին ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆ Պլոքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Փաշինեա յայտնեց, որ այս այցելութիւնը նոր ազդակ պիտի հաղորդէ հայ-հոլանտական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ ընդլայնման: Կարեւոր նկատելով բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու կազմակերպումը՝ վարչապետը աւելցուց, որ այս տարի կը նախատեսուի նաեւ իր պաշտօնական այցելութիւնը Հոլանտա, ինչ որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր պիտի ըլլայ Հայաստանի ղեկավարի մը առաջին այցելութիւնը: Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հայաստանի կառավարութիւնը կարեւոր կը նկատէ երկկողմանի համագործակցութիւնը քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ:
Այնուհետեւ վարչապետը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ կատարուող բարեփոխումներուն, նաեւ ողջունեց Հոլանտայի խորհրդարանին կողմէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին վաւերացումը, ինչ որ կարեւոր նշանակութիւն ունի եւրոպական գործընկերներուն հետ յարաբերութիւնները եւ համատեղ ծրագիրները ընդլայնելու աշխատանքին համար:
Սթեֆ Պլոք դիտել տուաւ, որ տեսանելի են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական գործընթացները եւ բարեփոխումները ու ընդգծեց, որ իր երկրին կառավարութիւնը եւս պատրաստ է փոխգործակցութեան ճամբով նպաստել անոնց արդիւնաւէտ իրականացման: Ան յայտնեց, որ վարչապետ Փաշինեանի Հոլանտա այցելութիւնը պիտի նպաստէ երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգի հաստատման ու ընդլայնման:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող հարցերու շուրջ: