ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, 18 Յունուարին, Լոս Անճելըսի կաթողիկէ եկեղեցւոյ Our Lady of the Angels տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան յատուկ արարողութիւնը, նուիրուած արհեստական վիժումի հետեւանքով անծին մանուկներու յիշատակին։
Ս. պատարագ մատուցանեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի առաջնորդ Հոզէ արք. Կոմեզ:
Յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, արարողութեան ներկայ եղաւ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Մովսէս քհնյ. Շաննագեանի։
Պատարագին աւարտին, տեղի ունեցաւ մոմավառութեան հոգեպարար արարողութիւն մը։