ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Ե. Մաս
ԱԶՆՈՒԱՓԱՅԼ ՄՐՄՈՒՆՋՆԵՐ
Հայկական տաղասացութեան նուիրուած քառամասն յօդուածաշարս անցեալ շաբաթ յայտարարած էի աւարտած: Սակայն, անկատար պիտի մնար անիկա, եթէ մեր ականջէն բացակայէր հայկական տաղասացութեան կարեւոր մէկ ձայնը, շնորհալի երաժիշտ-բանաստեղծ հայուհիներու ստեղծած մեղեդիները: Այսօր, յարգելի ընթերցող, իրենց ձայնով՝ միջնադարեան մագաղաթներէն հայկական ժամանակակից մամուլի էջերը կ՛ուզեմ փոխադրել չորս հայուհիներու մրմունջը, պատմական անհրաժեշտ բացատրութիւններով եւ կենսագրական հակիրճ տուեալներով:
ԽՈՍՐՈՎԱԴՈՒԽՏ ԳՈՂԹՆԱՑԻԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ. 8ՐԴ ԴԱՐ
«Քսանհինգ տարի առաջ, 706 թուականին, հարաւայինները յարձակեցան հօրս տիրութիւններուն վրայ: Ասպատակութիւն էր արիւնալի: Նահատակուեցաւ հայրս, Գողթն գաւառի Խոսրով մեծ իշխանը: Իսկ մանուկ եղբայրս, Վահանը գերեկալուեցաւ: Զայն տարեր են Ասորիք, պարտադրեր են կրօնադարձ ըլլալ: Վերանուաներ են Վահան: Եղբայրս իր հոգիով եւ սրտով երբեք չդաւաճանեց իր նախնիներու հաւատքին, մնաց բարեպաշտ՝ հայրենի հող վերադառնալու եւ իր իրաւունքին վերատիրանալու ուխտը իր մէջ լուռ պահելով: Իսկ այժմ, ինչ երջանկութիւն ինծի համար, կը դիտեմ անոր քնացող դէմքը քաղցր: Եղբայր իմ, ինչպէ՞ս դիմացար աննկարագրելի վարկաբեկումներու, ինչպէ՞ս վերականգնեցիր ազատութիւնդ ու վերադարձար տուն, իսկոյն ծնրադրելով սուրբ խաչին առջեւ, վերադարձար նաեւ քրիստոնէական հաւատքիդ»:
***
«Դարձեալ եկան, ժանտ ու ժպիրհ հարաւայինները եկան ու Վահանին տարին: «Դուն եկեղեցի մտար, հնարամիտ ու խորամանկ քայլ, որպէսզի հարկադրուած ըլլանք կոտորել քեզ, ու խայտառակուինք աշխարհին առջեւ որպէս մարդասպաններ, ասիկա էր քու յետին նպատակը», ըսին ու ձերբակալեցին:
«Դիմադրութիւն ցոյց չտուաւ եղբայրս, երբ կրկին գերեկալեցին զայն… Ճակատը լուսաւոր էր եւ վեհ: Ապա խումբ մը քաջարի ասպետներ ապահովութեանս համար զիս հեռացուցին հայրենիքէն շատ հեռու, Անի-Կամախ: Իսկ Վահա՞նը… Պահանջած էին, որ հրաժարի քրիստոնէութենէն: Մերժած էր: Ծանրագոյն չարչարանքներու ենթարկած էին եղբօրս եւ սպանած զայն: Վահան, երանելի եղբայր իմ, ահա շարականս, զոր յօրինեցի քու ողբերուն ձայնը հեռուէն լսելով: Այդ հնչիւններդ աւելի հրաշալի էին ինծի համար, քան հրեշտակներու երգը.
«Զարմանալի է ինձ,
Քան զերգս երաժշտականաց,
Ձայնս ողբոց քոց հնչմունք,
Ո՜վ երանելի տէր Վահան, ընտրեալ յԱստուծոյ…»:
«Վահան, ես պիտի չգրեմ ողբագին երգեր, այլ՝ ուրախարար եւ հոգեւոր մեղեդիներ եւ ներբողականներ: Նահատակութիւնդ այդպէս կը թելադրէ հոգւոյս մասունքներուն.
«Առաւել յորդորէ այս զհոգւոյս մասունըս,
Յօրինել քեզ երգս ո՛չ զղջականըս,
Այլ հոգեւորըս, եւ ուրախարարըս,
Յորդորականըս, և ներբողեանըս,
Ո՜վ երանելի տէր Վահան, ծառայ Քրիստոսի…»:
«Արիաբար դուն պատրաստուեցար պատերազմիլ հարաւայիններու դէմ եւ նահատակուիլ ու դասուիլ անմարմնականներու հետ.
«Որպէս քաջ նահատակ,
Պատրաստեալ ի պատերազմ,
Կատարեցեր զընթացըս քոյ,
Արիաբար՝ յազգացն հարաւայնոյ,
Դասաւորեալ ընդ անմարմնականսն.
Ո՜վ երանելի տէր Վահան, Գողթնեացն իշխեցող»:
***
ՍԱՀԱԿԱԴՈՒԽՏ ՍԻՒՆԵՑԻԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ. 8ՐԴ ԴԱՐ
«Մեր ծննդավայր Դուինէն տարբեր աշխարհ է Գառնին: Անոր ուղղահայեաց ժայռապատերը եւ ատրաշէկ կիրճը կը հոգեշնչեն զիս ու կը մղեն շարականներ, մեղեդիներ յօրինելու: Ես զանոնք կը ձօնեմ Մարիամ Աստուածածնին: Եղբայրս, Ստեփանոս Սիւնեցին, որ ինծի նման երաժիշտ է եւ բազմաթիւ շարականներու հեղինակ, կը քաջալերէ, որ այդ արուեստը ուսուցանեմ տաղանդաւոր աշակերտներու: Սիրով կը կատարեմ այդ ծառայութիւնը, քարանձաւիս մէջ, վարագոյրի ետեւէն, քանզի մանուկ հասակէս ընդունած եմ կուսութեան ուխտը եւ որոշած եմ ցմահ ճգնիլ այս խորհրդաւոր կիրճին մէջ: Իսկ այժմ, քաղցրեղանակ մեղեդի մը երկնատուր՝ զիս կը մղէ Ծննդեան կցուրդ մը յօրինելու եւ կրկին փառաբանելու Աստուածամայրը: Ծայրակապ կառուցուածք ունենայ ան՝ տուներու սկզբնատառերը կազմեն անունս, ահա այսպէս. «Ս-րբուհի Մարիամ, Ա-նդաստան հոգեւոր, Հ-աստատութիւն երկնի, Ա-ստանօր երկինք, Կ-ենացն փայտիւն, Դ-ո՛ւռն երկնից, Ո-ւրա՛խ լեր, Ւ-իւթական, եղական, Խ-որհուրդ կենաց, Տ-ո՛ւք զփառս»:
***
ԱԼԻԾ ՏԱՐՍՈՆԱՑԻԻ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ. 14ՐԴ ԴԱՐ
««Սքանչելի գեղագրուհի», «գրագիր յոյժ հմուտ»: Այդպէս կը կոչեն զիս պալատին մէջ… Իրաւունք ունիք, հազուադէպ է, որ 1288 թուականին ծնած միջնադարեան աղջնակ մը ուսեալ ըլլայ: Սակայն, ես ունիմ արքունի ուսուցիչներ: Սիրելի հայրս, Լեւոն երրորդը, միշտ կը փափաքէր, որ ես բազմաթիւ արուեստներու տիրանամ, ընդ որում գեղագրութեան: Այժմ, այդ «սքանչելի» գրիչովս կը յօրինեմ վեց տող հրաւէր մը՝ փեսացուներուն: Իսկ ի՞նչ պէտք է, որ ունենայ թեկնածուն, որպէսզի արժանանայ իմ տեսոյն… Գեղեցիկ ձեռագիր, ինչպէս՝ իմ հրաւէրս. «Ով ոք որ սմա նմանեցնէ, նա է իմ տեսոյն արժանի:
Ահա եկաւ երկու թեկնածու: Չհաւնեցայ. «Ծայրն Ձա-ին, ծակն Ծա-ին՝ չի նմանիր գիրն Ալիծին»: Դարձեալ յայտարարեցի ուզողներուն. «Ով որ գրէ զծայրն Ձա-ին, զծակն Ծա-ին՝ նա կու լինայ փեսայ Ալիծին»: Ահա եկաւ մէկ այլը: Ի՜նչ շնորհալի ձեւով կը բռնէ փետրագրիչը: Հաւնեցայ. «Ծայրն Ձա-ին, ծակն Ծա-ին՝ կու նմանի գիրն Ալիծին»:
***
ԱՆԱՆՈՒՆ ՏԱՂԱՍԱՑԻ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ. 15ՐԴ ԴԱՐ
«Անունս այնքան չէ կարեւոր, ոչ ալ ծննդեան թուականս եւ կեանքի պարագաներս: Այդ բոլորը իմաստազուրկ դարձան, երբ սիրելիս զիս լքեց ու որոշեց ըլլալ… աբեղայ: Որոշեր է վալայ հագնիլ ու վարդապետի բակլայ ուտել: Զարմանքը զիս պատեց: Ան չէ՞ր որ իմ մեղրս կը խմէր, իմ լուսին երեսիս կը զմայլէր ու վարդի վրայ թառած սոխակի նման գիշեր ու ցերեկ կը դայլայլէր: Պատմեմ ձեզի պատմութիւնս, քոյրե՛ր ու եղբայրնե՛ր, կարդացէք, ինծի իրաւունք տուէք ու վշտակից եղէք.
«Եկին ու խաբար բերին,
թէ «Քո եարն եղեր հաբեղայ»:
Փուշ արմատցքն զիս պատեց,
թէ նա ո՞նց եղաւ հաբեղայ:
Բերնիկն էր շաքար սովոր,
աճապ ո՞նց կերաւ նա բակլայ,
Անձիկն էր շապկի սովոր,
աճապ ո՞նց հագաւ նա վալայ»:
Ահա հայկական տաղասացութեան իգական ձայնը: Յոյժ սակաւ էին այդ փափկասուն բանաստեղծ-երաժշտուհիներու կենսագրական տուեալները: Ցաւօք սրտի, մեր պատմիչները այսքանն են մեզի աւանդած: Բայց աւելի կարեւոր չէ՞ր անոնց պատմութիւնը եւ երգը լսել, անոնց քաղցր ձայնով հարստանալ: