ՖՐԵԶՆՕ.- Չարլի Քէյեան Համագաղութային Հայ վարժարանին նիւթական աջակցութիւն ապահովելու նպատակով, Շաբաթ, 1 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ վարժարանին համար աւանդական դարձած տարեկան 17րդ խեչափառի ճաշկերոյթը:
Ձեռնարկը կը հանդիսանայ վարժարանին ի նպաստ դրամահաւաքներու կարեւորագոյն ձեռնարկներէն մէկը եւ տեղի պիտի ունենայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ (2226 Ventura Ave., Fresno, CA 93721):
Ճաշկերոյթին հովանաւոր դառնալու համար տարբեր մակարդակի կարելիութիւններ գոյութիւն ունին: Տոմսերու սակը 70 տոլար է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (559) 323-1955 թիւին կամ info@ckacs.org հասցէին: