ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ յառաջիկայ 22էն 24 Մարտ, համագործակցութեամբ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկաներու ՀԵԴներուն, ինչպէս նաեւ «Ճորճթաուն» համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ պիտի իրականացնէ «Ապագայի Ղեկավարներ» խորագրուած տարեկան երկրորդ սեմինարը:
Հայ երիտասարդները դէպի քաղաքական գործունէութիւն մղելու եւ քաղաքական, լրագրական ու հանրային մարզի ասպարէզի մը մէջ նետուելու հետաքրքրութիւն ունեցող երիտասարդներուն անհրաժեշտ ցուցմունքները մատուցելու նպատակով կազմակերպուող այս եռօրեայ հաւաքին մասնակցութեան սակը միայն 25 տոլար է, իսկ անոնք, որոնք կարիքը ունին կեցութեան վայրի մը, ընդհանուր գինը միայն 100 տոլար է՝ երեք օրերուն համար: Մասնակցողները իրենք պէտք է հոգան դէպի Ուաշինկթըն ճամբորդութեան ծախսը:
Հետաքրքրուողները կրնան արձանագրուիլ՝ այցելելով anca.org/RisingLeaders կայքէջը, իսկ անոնք, որոնք սեմինարին մասնակցելու համար նիւթական աջակցութեան կարիքը ունեցող ուսանողներուն կը փափաքին օժանդակել՝ կրնան այցելել anca.org/risingleaders/support կայքէջը:
Սեմինարին առաջին օրը, Հայ Դատին տնօրինած եւ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» վարժողական ծրագիրին խորհրդատուական մարմինին ներկայացուչիները հանդիպում մը պիտի ունենան մասնակցողներուն հետ, իսկ յաջորդող երկու օրերուն, մասնակցողները ներկայ պիտի ըլլան քոնկրեսականներու եւ անոնց անձնակազմին հետ հանդիպումներուն եւ խորհրդակցութեանց, մօտէն ծանօթանալու համար Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւնները սերտացնելու, Արցախին զօրակցելու, Հայոց Ցեղասպանութեան վնասուց արդար հատուցում ապահովելու եւ Հայ Դատի այլ առաջնահերթութեանց գծով տարուող աշխատանքներուն:
Անցեալ տարի, առաւել քան 30 ուսանողներ մասնակցեցան այս ծրագիրին։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել
RisingLeaders@anca.org հասցէին։