ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, Արմաւիրի թեմի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Հայոց բանակի օրուան առիթով, 26 Յունուարին մատուցուեցաւ Ս. պատարագ՝ Հայաստանի զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի կողմէ։
Ներկայ էին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, բանակի ընդհանուր հրամանատար-տեղակալ զօր. Արտակ Դաւթեան, հրամանատար զօր. Կարէն Աբրահամեան, Մայր Աթոռի միաբաններ, բարձրագոյն սպայական կազմի ներկայացուցիչներ եւ այլն։
Իր քարոզին մէջ Վրթանէս սրբազանը, անդրադառնալով օրուան խորհուրդին՝ յատկապէս նշեց, որ հայաստանեայց եկեղեցւոյ ծոցին մէջ կեանք ու հասակ առած ամէն գիտակից հայորդիի համար հզօր պետականութիւնը հաւատքի, սիրոյ եւ նուիրեալ ծառայութեան միասնութիւնն է։ «Հայրենիքն ու պետականութիւնն աստուածատուր պարգեւներ են, ուստի եւ արժանի ամէնօրեայ անսակարկ սիրոյ ու հոգածութեան, իսկ մեզ՝ հայերիս համար, առաւել եւս։ …Հայրենիքը մեր մեծագոյն գանձն է, ուստի այստեղ պիտի լինեն նաեւ մեր սրտերը՝ սէրը, նուիրումն ու նախանձախնդրութիւնը առ հայրենին, ըստ աւետարանական խօսքի՝ «Ուր ձեր գանձերն են, այնտեղ եւ ձեր սրտերը կը լինեն» (Մատթ. Զ 21)», ըսաւ քարոզիչը։
Ս. պատարագի աւարտին, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին՝ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք, որուն ընթացքին հոգեւոր դասը եւ արարողութեան ներկայ ժողովուրդը աղօթք բարձրացուցին առ Բարձրեալն Աստուած՝ Հայաստան աշխարհի խաղաղութեան, անսասանութեան, յառաջընթացի եւ հայոց բանակի յաղթական ընթացքին համար:
Այնուհետեւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն ընթացքին կատարուեցաւ պարգեւատուութիւն: Իբրեւ գնահատանք հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ բարձր շքանշանով պարգեւատրեց շարք մը բարձրաստիճան զինուորականներ:
Ընդունելութեան ընթացքին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին հրամանով զինուորներու հոգեւոր եւ հայրենասիրական դաստիարակութեան գործին մէջ մեծ աւանդին համար շարք մը եկեղեցականներ եւ մէկ աշխարհական արժանացան նախարարութեան պարգեւներուն:
Ապա Գարեգին Բ. իր հայրական օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց ներկաներուն եւ ըսաւ. «Դուք՝ բոլորդ, լաւ գիտէք, թէ հաւատքն ու աղօթքն ինչպիսի հրաշագործ զօրութիւն ունեն: Ահա, թէ ինչու համար, սիրելինե՛ր, մենք կարեւոր ենք նկատում, որպէսզի մեր հայոց բանակի զինուորներն ու հրամանատարներն աղօթքի կանգնեն մեր ժողովրդի եւ հայ հոգեւորականների հետ միասին, որովհետեւ այդ միասնական աղօթքը երկինք պիտի բարձրանայ եւ ընդունելի պիտի լինի Աստծոյ կողմից, եւ երկնքից խաղաղութեան շնորհները, յաղթութեան շնորհներն առատօրէն պիտի հեղուեն մեր կեանքից ներս», յայտնեց ան: Կաթողիկոսը նաեւ հաստատեց, որ հայ հոգեւորականը պատմութեան ընթացքին մնայուն կերպով եղած է իր զինուորին ու զօրավարին կողքին թէ՛ խաղաղ կեանքի պայմաններուն մէջ, եւ թէ պատերազմական իրավիճակներու:
Իր պատգամին աւարտին Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց պաշտպանութեան նախարարին եւ բանակի բոլոր հրամանատարներուն՝ յանուն հայրենիքի նուիրեալ ծառայութեան եւ հայոց բանակին մէջ սպասաւորող հայ հոգեւորականներուն հանդէպ ցուցաբերուող բարեացակամ, ուշադիր վերաբերմունքի ու զօրակցութեան համար, յուսալով եւ մաղթելով անվտանգ ծառայութիւն։