ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն», «Երկիր».- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն մասնակցեցաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին, որուն ներկայ եղան նաեւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, կառավարութեան անդամներ, խորհրդարանականներ, Ֆրանսայի պետական եւ տեղական իշխանութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւ հոգեւոր հայրեր: Իբրեւ պատուոյ հիւր, ընթրիքին մասնակցաւ նաեւ թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամ:
Ֆրանսայի նախագահը իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին՝ ընդգծելով, որ Ֆրանսա արդէն 19 տարիէ ի վեր լծուած է այդ գործին: Մաքրոն ուրախութեամբ նկատել տուաւ, որ արդէն իսկ իրականութիւն դարձած է Ապրիլ 24ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր դարձնելու իր խոստումը:
«Պայքարը, զոր հայերը կը մղեն Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, պայքար է նաեւ լռութեան, մոռացութեան դէմ: Իսկ ճշմարտութեան հարցով գոյութիւն ունի եղբայրութիւն հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներուն միջեւ», ըսաւ ան:
«Մենք պատմութիւնը կեղծիքի, վերաքննութեան կամ ժխտողականութեան քաղաքականութեան վրայ չենք կառուցեր», նշեց ան՝ դատապարտելով ռազմավարութիւնը, որ ուղղուած է Միջին Արեւելքի մէջ նոր ծաւալապաշտութեան, յանցագործութիւններու ժխտման եւ անցեալին ունեցած ուժը դարձեալ ձեռք բերելու ձգտումին»:
Ընթրիքին ընթացքին Ֆրանսայի նախագահը ողջունեց թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամը Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը դատապարտելուն համար:
«Աքչամի գիրքը ակնյայտօրէն կազմակերպուած եւ կանխամտածուած յանցագործութեան գիտական հաստատումն է», Աքչամի «Սպանութեան Հրամաններ» գիրքին մասին խօսելով՝ ըսաւ Մաքրոն, ապա, դառնալով Աքչամին՝ աւելցուց. «Դուք բացայայտեցիք Ցեղասպանութեան ժխտումը, մինչ ոմանք կը փափաքէին Ցեղասպանութիւնը մոռացութեան մատնել»։
Նշենք, որ Փարիզի մէջ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած էր Աքչամի հատորին ֆրանսերէնի թարգմանուած հատորին շնորահանդէսը։