ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիօ յայտարարութիւն հրապարակեց Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ՝ ընդգծելով դատաւորներու կանուխ կենսաթոշակի անցնելու կամաւորութեան սկզբունքի պահպանումը: Ան կոչ ուղղեց՝ թեթեւցնելու լարուածութիւնը եւ հարցը լուծելու զսպուածութեան եւ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտին մէջ:
«Որպէս շարունակութիւն 29 Հոկտեմբեր 2019ին կատարած իմ յայտարարութեան՝ ես մտահոգ կը մնամ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին շուրջ բաց հակամարտութեամբ։ Կը կիսեմ այս առումով ԵԽԽՎի համազեկուցողներուն մտահոգութիւնները։ Կ՛ուզեմ դարձեալ անդրադառնալ այն առաջարկներուն, որոնք կատարուած են Վենետիկի յանձնաժողովին տեսակէտով, եւ որոնց մէջ կ՛ըսուի, թէ Սահմանադրական դատարանին մէջ վաղաժամ կենսաթոշակի անցնելու սկզբունքը պէտք է իսկապէս ըլլայ կամաւոր եւ բացառէ որեւէ քաղաքական կամ անձնական ճնշում դատաւորներուն վրայ, եւ պիտի իրականացուի այնպէս, որ ազդեցութիւն չունենայ գործերու արդիւնքին վրայ։ Վերջին շրջանին հրապարակային յայտարարութիւնները եւ գործողութիւնները չեն համապատասխաներ այդ չափանիշներուն եւ չեն կրնար օժանդակել լարուածութեան մեղմացման։
«Ժողովրդավարական մշակոյթը եւ հասունութիւնը կը պահանջեն կառուցակարգային զսպուածութիւն, բարեխղճութիւն եւ փոխադարձ յարգանք՝ պետական հաստատութիւններուն միջեւ։
«Կրկին կոչ կ’ուղղեմ բոլոր կողմերուն՝ ցուցաբերելու զսպուածութիւն եւ մեղմացնել լարուածութիւնը այդ մտահոգիչ իրավիճակին մէջ՝ Հայաստանի սահմանադրութեան բնականոն գործողութիւնը ապահովելու համար», նշեց Պուքիքիօ:
«Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ Ճիանի Պուքիքիոյին պատասխանեց Ազգային ժողովի «Իմ Քայլ»ը խմբակցութեան պատգամաւոր, Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան՝ որ գրեց, թէ կը կիսէ Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահին անհանգստութիւնը Հայաստանի մէջ հաստատութիւններուն միջեւ լարուածութեան վերաբերեալ:
Ըստ Ռուբինեանի՝ վերջին շրջանին տեղ գտած որոշ յայտարարութիւններ եւ գործողութիւններ, որոնց կարգին Սահմանադրական դատարանի նախագահին, դատարանի կարգ մը անդամներու եւ աշխատակազմի ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ զանազան ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներու կողմէ կատարուած, կրնան ընկալուիլ իբրեւ քաղաքական եւ անձնական ճնշում Սահմանադրական դատարանի այն անդամներուն վրայ, որոնք կրնան օգտուիլ կանուխ կենսաթոշակի համակարգէն:
«Կարծում եմ՝ Հրայր Թովմասեանի գործունէութեան արդիւնքում առաջացած այս լարուածութիւնը եւ ճգնաժամը պիտի հնարաւորինս արագ հանգուցալուծում ստանան, եւ գործող սահմանադրութեան ոգին պիտի վերականգնուի», գրած է Ռուբէն Ռուբինեան։