ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 31 Յունուարին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան եւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան պատգամաւորական հանդիպումներ ունեցան Մարտունի շրջանի Սօս եւ Մաճկալաշէն համայնքներու բնակիչներուն հետ:
Պատգամաւորները անդրադարձան վերջին 5 տարիներուն Ազգային ժողովին եւ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան կողմէ իրագործուած ծրագիրներուն, երկրի տնտեսական զարգացման, գիւղատնտեսութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն:
Դաւիթ Իշխանեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովին մէջ ընդունուած օրէնքներէն «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը դէմ քուէարկած է ռազմավարական նշանակութեան, յատկապէս՝ «Հողային օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին», «Ընդերքի մասին Արցախի Հանրապետութեան օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին», Արցախի Հանրապետութեան նոր սահմանադրութեան, «Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» Արցախի Հանրապետութեան օրէնքներուն:
Վահրամ Բալայեան, անդրադառնալով արտաքին ճակատին վրայ կատարուած աշխատանքներուն՝ նշեց, որ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան սերտ համագործակցութեան շնորհիւ ընդլայնուած է Արցախի բարեկամներու շրջանակը եւ կանխուած եւրոպական զանազան կառոյցներու մէջ Ատրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած հակաարցախեան շարք մը բանաձեւերու ընդունումը:
Հանդիպումին մասնակցողները զիրենք մտահոգող հարցերուն մասին խօսեցան եւ հարցումներ ուղղեցին պատգամաւորներուն։