ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան թրքական «Հիւրրիյէթ» իշխանամէտ թերթին տուաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անգամ մը եւս անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան:
Թերթին լրագրողը պատրիարքին հարցուց, թէ արդեօք Ապրիլ 24ին տեղի ունեցող ոգեկոչումները կրնա՞ն ցաւերը կիսելու համար ճիշդ հող նախապատրաստել:
Մաշալեան պատասխանեց՝ ըսելով. «Թուրքիոյ մէջ Ապրիլ 24ը երկար ժամանակ արգիլուած նիւթ համարուած էր, սակայն նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան 2015ին, երբ վարչապետ էր, «ցաւակցական հեռագիր» յղեց, որմէ ետք «եկեղեցիներուն մէջ մեր հանգուցեալները յիշատակեցինք, աղօթեցինք անոնց համար: Անշուշտ, ասիկա շատ դրական զարգացում էր։ Մենք ստիպուած չենք ամէն դէպքի քաղաքականութեան աչքերով նայելու: Ամէն ինչ նաեւ ունի մարդկային կողմ: Մարդիկ պէտք է յարգեն ուրիշին տառապանքները, որովհետեւ ցաւը միայն կիսելով կը նուազի, իսկ ուրախութիւնը կիսելով՝ կ՛աւելնայ: Մեր ակնկալիքը այն է, որ մարդիկ հասկնան հայ ժողովուրդին կորուստները եւ տառապանքը: Մենք այդ մասին գիտենք, որովհետեւ ապրած ենք այդ բոլորը, սակայն այս երկրին մէջ այդ բոլորին մասին շատ բան չեն գիտեր»:
Մաշալեան նաեւ կարեւոր համարեց Ցեղասպանութեան իրական պատճառներուն բացայայտումը՝ նշելով. «Շատ մեծ դաս է Սուրիոյ մէջ կատարուածը, երբ բարեկամաբար ապրող ժողովուրդները յանկարծ սկսան իրարու խեղդել: Այդպիսի բան մըն ալ ապրեցան Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն ամբողջ աշխարհի ժողովուրդները: Ազգայնականութեան հիմքը դրուեցաւ, բոլորը ուզեցին իրենց ազգային պետութիւնը ստեղծել: Եթէ ազգային պետութիւն պիտի ստեղծէք, ուր արդէն իսկ բոլորը միասին ապրած են, ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընէք մնացած ազգերուն հետ», հարցուց պատրիարքը: