ՖՐԵԶՆՕ.- Մրցանակակիր դաշնակահար Նորա Աւետիսեան Ուրբաթ, 28 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, անհատական ելոյթ մը պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի համերգասրահին մէջ:
Ձեռնարկը համահովանաւորուած է համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին եւ Թոմաս Ա. Գույումճեան ընտանիքի հիմնարկին կողմէ եւ մաս կը կազմէ «Երիտասարդ հայ տաղանդներ» շարքին:
Աւետիսեան պիտի կատարէ Հենտըլէն, Զաքարեանէն, Կրանատոսէն, Պապաճանեանէն եւ Փրոքոֆեւէն ստեղծագործութիւններ։
Մասնակցութեան սակը 25 տոլար է, իսկ տարեցներու համար՝ 18 տոլար: Ուսանողներու համար մուտքի սակը 5 տոլար է: Տոմսեր ապահովելու համար դիմել (559) 298-2337 թիւին։
Ինքնաշարժները կարելի է ձրիաբար շարել P1 կանգառին մէջ (Շօ եւ Մէյփըլ թաղերու խաչմերուկին):
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (559) 278-2669 կամ
այցելել fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: