ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, 9 Փետրուարին, յաւարտ Ս. պատարագի, կ.ե. ժամը 1էն սկսեալ, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214), տեղի պիտի ունենայ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած հերթական դասախօսական ձեռնարկը՝ «Հայկական Աւանդական Պարեր» նիւթով: Պիտի դասախօսէ Ալբերթ Վարդանեան, մասնակցութեամբ «Արարատ» պարային համոյթին:
Հայկական պարարուեստը սկիզբ առած է Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, հեթանոսական շրջանէն, հանդիսանալով հայ ժողովուրդին ինքնութիւնը, բնաշխարհը, խառնուածքը, նկարագիրը եւ հոգեկան աշխարհը բնութագրող եւ արտացոլացնող գեղագիտական ու մշակութային վառ եւ խօսուն արտայայտչամիջոցներէն մէկը, իր իւրայատուկ պարեղանակներով եւ տարազներով: Այո՛, մշակութային կեանքի առաջնահերթութիւններուն մէջ պարարուեստը միշտ ալ գրաւած է առաջնակարգ դիրքեր:
Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Դաստիարակչական յանձնախումբը, հաւատարիմ իրեն վստահուած առաքելութեան, մեծապէս կարեւորելով ազգային աւանդական պարերուն դերը մեր մշակութային կեանքին մէջ՝ այս ձեռնարկով կը փափաքի մեր համայնքի անդամներուն աւելի մօտէն ծանoթացնել հայկական աւանդական պարերու ծագման, զարգացման եւ առանձնայատկութիւններուն: Աւանդական պարերը կիրարկուած են ազգային եւ հոգեւոր տարբեր տօնակատարութիւններու եւ հանդիսութիւններու ժամանակ:
Վերոնշեալ դասախօսութիւնը պիտի ընթանայ ցուցադրական պարերով, մասնակցութեամբ «Արարատ» պարային համոյթին, որ հիմնուած է 2016ին: Օրուան դասախօսն է համոյթի հիմնադիր եւ ղեկավար՝ Ալբերթ Վարդանեան: Ան ծնած է Պարսկաստանի Ուրմիա քաղաքը եւ քաջածանօթ է Պարսկահայքի (Նոր Շիրական) հայկական աւանդական պարերուն: Սկսած 2013էն, ինքնազարգացումով եւ մաս կազմելով սիրողական խումբերու՝ ծանօթացած է նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններու աւանդական շուրջպարերուն: Հետեւած է Հայաստանի «Կարին» աւանդական երգ ու պարի խումբին, եւ խումբի ղեկավար Գագիկ Գինոսեանի հետ ստեղծած են պարային մշակութային կամուրջ մը Երեւանի եւ Լոս Անճելեսի միջեւ: Դասախօս Ալբերթ Վարդանեան, բարձր արժեւորելով հայկական մշակոյթը՝ ոչ մէկ ջանք խնայած է ետ բերելու եւ մեր կենցաղին մէջ մտցնելու հայկական աւանդական տօներուն եւ հանդիսութիւններուն մէջ տեղ գտած պարերը: «Արարատ» պարի համոյթը, պարուսոյց Ալբերթ Վարդանեանի ղեկավարութեամբ, պարած է միայն հայկական ազգագրական պարեր, ցոյց տալով անոնց ունեցած դերը հայկական ինքնութեան պահպանութեան մէջ: Սկսած 2018էն, Վարդանեան կազմակերպած է հերթական ամսական բաց դասընթացքներ՝ «Մենք եւ մեր ապագան» նախագիծի անուան տակ:
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալները եւ ծխական ժողովուրդը՝ մասնակցելու Ս. պատարագին, ապա ներկայ գտնուելու Դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած այս գեղեցիկ միջոցառումին:
Բոլոր ազգայինները, որոնք կը փափաքին քաջալերել մեր հերթական դասախօսութիւնները եւ հովանաւորել մեր յառաջիկայ դասախօսական ձեռնարկները, թող բարի ըլլան դիմելու Դաստիարակչական յանձնախումբի անդամներուն:
Հայ պարարուեստին նուիրուած այս դասախօսութեան մուտքը ազատ է:
(Հաղորդագրութիւնը՝ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութենէն)