ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2019ին Հայաստան այցելած են 1 միլիոն 894 հազար 377 զբօսաշրջիկներ՝ նախորդ տարուան հետ համեմատած՝ աւելնալով 14.7 տոկոսով։ Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Ըստ անոր՝ այս թիւը 2018ին հետ բաղդատած՝ աւելի է 242 հազար 595ով կամ 14.7 տոկոսով, իսկ 2017ին հետ բաղդատած՝ 399 հազար 598ով կամ 26.7 տոկոսով:
Ան կը յիշեցնէ, որ Համաշխարհային զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան կողմէ կատարուած արժեւորման համաձայն՝ Հայաստան 2019ին զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ ամէնէն արագ զարգացող ուղղութիւններու շարքին 12րդ դիրքին վրայ է աշխարհի մէջ: Այսպիսով, ան շրջանցած է Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, իսկ Վրաստան ընդհանրապէս զբօսաշրջութեան առումով զարգացող երկիրներու առաջին 20ին մէջ չէ։
ԵԱՏՄի երկիրներու շարքին եւս Հայաստան առաջատար է: ԵԱՏՄ երկիրներէն ցանկին մէջ է միայն Ղազախստան, որ սակայն նոյնպէս, ըստ վարչապետին, կը զիջի Հայաստանին՝ արձանագրելով 10 տոկոսի աճ (20րդ հորիզոնական):