ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- 24 Ապրիլին՝ իր պարտադիր բանակային ծառայութեան աւարտին մօտեցող օրերուն սպաննուած էր Սեւակ Պալըքճը: Դատարանը վերջերս դիտումնաւոր մարդասպանութեան մեղադրանքով 16 տարի 8 ամիս բանտարկութիւն վճռած էր ոճրագործին դէմ: Այս շաբաթ հրատարակուած դատավճիռին պատճառաբանութեան մէջ, դատարանը մանրամասնօրէն կը քննարկէ անզգուշութեան կամ դիտումնաւոր մարդասպանութեան երեւոյթները: Դատարանը, նկատի ունենալով, որ նախապէս որոշ թշնամութիւն մը գոյութիւն չէր ունեցած ոճրագործին եւ զոհին միջեւ, վճիռը տուած է հաւանական նպատակադրութեամբ մարդասպանութեան հիման վրայ: Դատարանը անգամ մը եւս բնութագրած է դէպքին մանրամասնութիւնները եւ հաստատած, որ անկարելի է զէնքին ինքնակրակումը, բայց նկատի ունենալով ոճրագործին եւ զոհին միջեւ նախապէս թշնամութեան մը գոյութիւն չունենալը, համոզուած է, որ դէպքը ոչ թէ դիտումնաւոր ոճրագործութիւն էր, այլ անզգուշութեան հետեւանքով կատարուած մարդասպանութիւն:
Նշենք, որ դատարանը նախապէս արկած համարած էր կատարուածը եւ շատ աւելի նուազ պատիժ տնօրինած: Այդ ոճիրին դէմ Պալըքճը ընտանիքին փաստաբանները առարկած էին եւ անոր հիման վրայ դատավարութիւնը կրկնուած էր: