ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Wizz Air օդանաւային ընկերութիւնը թռիչքներ պիտի կատարէ նաեւ Երեւան-Լարնաքա-Երեւան ուղղութեամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Զուարթնոց» օդակայանի պաշտօնական էջը:
1 Յուլիս 2020էն պիտի սկսին թռիչքները, որոնք պիտի կատարուին շաբաթական երկու անգամ յաճախականութեամբ:
Յիշեցնենք նաեւ, որ Ապրիլ 2020էն ընկերութիւնը պիտի սկսի Երեւան-Վիլնիւս-Երեւան եւ Երեւան-Վիեննա-Երեւան թռիչքները, որոնք նոյնպէս պիտի իրականացուին շաբաթական երկու թռիչք յաճախականութեամբ։