ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, առ ի զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն լիբանանահայութեան՝ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը կը յայտնեն, թէ Ազգային առաջնորդարանը քսանհինգ հազար տոլարի (25,000.00) յատկացում մը կը տրամադրէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի Հայոց թեմին, ընկերային ծառայութեանց կարիքներուն համար։
«Հայկական որեւէ գաղութի դիմագրաւած տագնապը, մեր բոլորին տագնապն է, որ միշտ ալ հայութեան միասնական, միահամուռ ու անմիջական ուշադրութեան առարկան եղած է», այս առթիւ ըսաւ առաջնորդ սրբազանը՝ աւելցնելով, որ մեր ժողովուրդը այս անգամ եւս իր զօրակցութիւնը պիտի արտայայտէ լիբանանահայութեան օգնելու ջանքերուն։