ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Շարք մը օրինական խախտումներով եւ անկախ դիտորդներու նկատմամբ ճնշումներով յատկանշուած Ատրպէյճանի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները աւարտեցան երկրին իշխող ընտանիքին հերթական յաղթանակով:
Ըստ երկրին կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին փոխանցած նախնական արդիւնքներուն՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի գլխաւորած «Երիտասարդ Ատրպէյճան» կուսակցութիւնը յաջորդ խորհրդարանին մէջ պիտի ունենայ առնուազն 71 պատգամաւոր:
Ընտրուած են նաեւ «անկախ» թեկնածուներ, որոնց մեծ մասը ոչ միայն սերտ կապեր ունի իշխող կուսակցութեան հետ, այլ նաեւ բացայայտօրէն կ՛աջակցի այդ կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրին: Ներկայիս յայտնի է, որ պատգամաւոր դարձած են միայն երկու ընդդիմադիր գործիչներ՝ Էրքին Կատիրլի եւ Վուկար Պայրամով:
17 տարի առաջ իշխանութիւնը իր հօրմէն ժառանգած Ալիեւ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաձեռնած էր որոշուած թուականէն 9 ամիս առաջ, այդ որոշումը պայմանաւորելով երկրին մէջ ընթացող լայնածաւալ տնտեսական բարեփոխումներով:
Հակառակ անոր որ Պաքու վստահեցուցած էր, որ ընտրութիւնները պիտի ըլլան թափանցիկ եւ ժողովրդավարական չափանիշներու համապատասխան, ընդդիմութիւնը, որուն մեծ մասը որոշած էր չմասնակցիլ ընտրապայքարին՝ պնդեց, թէ ընտրութիւններուն ընթացքին դարձեալ համատարած զեղծարարութիւններ արձանագրուեցան։
Ընդդիմադիր ուժերը կոչ ըրին իրենց աջակիցներուն, որ 16 Փետրուարին դուրս գան փողոց՝ դատապարտելու համար քուէարկութեան կեղծուած արդիւնքները:
Իր կարգին, ԵԱՀԿի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու գրասենեակը (ԺՀՄԻԳ) 10 Փետրուարին յայտարարեց, որ ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած են օրէնքի լուրջ խախտումներ եւ անոնք ո՛չ թափանցիկ, ոչ ալ ժողովրդավարական սկզբունքերու համաձայն կատարուած են։
«Ընտրողները չունէին ընտրութեան լայն հնարաւորութիւն, որովհետեւ երկրին մէջ կայ իրական քաղաքական քննարկումներու պակաս. քուէարկութեան ընթացքին արձանագրուած են ընտրողներու, թեկնածուներու վրայ ճնշումներու դէպքեր եւ չկար իրական մրցակցութիւն: Ընտրութիւնները չեն համապատասխաներ եւրոպական ժողովրդավարական չափանիշներուն եւ զանոնք կարելի չէ նկատել բնակչութեան ազատ կամքի արտայայտութիւն», յայտարարեցին ԺՀՄԻԳի, ԵԽԽՎի եւ ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի դիտորդական առաքելութիւններու ղեկավարները:
Արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ ընտրողներուն հազիւ 47 տոկոսը, որ 8 տոկոսով պակաս է նախորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած ցուցանիշէն: