ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) հիմնադրամին միջոցներով եւ Արցախի կառավարութեան աջակցութեամբ Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գիւղին մէջ Առիաւանի, բնակարանաշինութեան աշխատանքներու ծիրին մէջ, 12 առանձնատուներ եւ դպրոցական նոր շէնք կը կառուցուին, նոյն ծրագիրով ու միջոցներով Շահումեանի շրջանի Քարվաճառ քաղաքին մէջ կը կառուցուին 15 առանձնատուներ:
Բնակարանները կը կառուցուին Իրանէն ներածուած թեթեւ կառոյցով՝ մետաղեայ հենքի վրայ, դուրսէն՝ աղիւս: Ընդհանուր 80 քմ. մակերեսով 3 սենեակնոց բնակարաները պիտի ունենան բոլոր յարմարութիւնները։
Առիաւանը այժմ կը նկատուի Արցախի մեծ շինարարական աշխատանքի վայրերէն մէկը: Նախորդ տարի Հրաչեայ Ջաղացեանի բարերար աջակցութեամբ սկսած է մանկական խաղահրապարակին կառուցումը, որուն կը մասնակցին նաեւ դպրոցի աշակերտները:
Դպրոցի նոր շէնքը կը կանգնի նորին կողքին: Հիմքերը արդէն պատրաստ են: Ըստ նախագիծին՝ պիտի կառուցուի միայարկ շէնք մը՝ դարձեալ մետաղեայ հենքով:
2013-2016 թուականներուն, Աղաւնոյ մէջ, բնակարանաշինութեան առաջին փուլին կառուցուած 50 առանձնատան շինարարութեան զուգահեռ՝ արտաքին ջրագիծով եւ ներքին ցանցով՝ ըմպելի ջուրի նոր համակարգ հաստատուեցաւ: Ծրագիրը կը շարունակուի նոր թաղամասին մէջ:
Աշխատանքներուն կը վերահսկէ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը: