1927էն սկսեալ «Ազդակ» օրաթերթի թիւերուն որոնման համակարգով թուայնացուած տարբերակը 10 Փետրուարին յանձնուեցաւ Հայաստանի Ազգային գրադարանին: Արխիւային տասը խտասկաւառակները Ազգային գրադարանի տնօրէն Հրաչեայ Սարիբէկեանին յանձնեցին «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան եւ յայտնի մատենագիր Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի որդիները՝ Ազգային գրադարանին հետ այս համագործակցութեան նուիրատուներ Տարօն եւ Զարեհ Տէր Խաչատուրեանները:
90ամեայ թերթին թուայնացուած տարբերակը Ազգային գրադարանին յանձնելու գաղափարը ծնաւ նախորդ տարուան Նոյեմբերին՝ հայ առաջին պարբերականին՝ «Ազդարար»ի 225ամեակին նուիրուած գիտաժողովին ընթացքին:
Նախնական պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ նաեւ Ազգային գրադարանին կողմէ «Ազդակ» օրաթերթի մատենագիտութիւնը կազմելու վերաբերեալ:
Շահան Գանտահարեան այս առիթով յայտնեց, որ «Ազդակ»ի մատենագիտութիւն կազմելը միշտ ալ եղած է թերթին ծրագիրներուն կարգին, սակայն, ցաւ ի սիրտ, այսօր Սփիւռքի մէջ չկան մատենագիրներ, որոնք կրնան տանիլ այս աշխատանքը եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի գործը իր լրումին հասցնել: Ըստ անոր՝ Ազգային գրադարանի նախաձեռնած գիտաժողովը առիթ դարձաւ նման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելու եւ, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի ընտանիքին հետ խորհրդակցելով՝ անոնք որոշեցին այս նուիրատուութիւնը կատարել: 90ամեայ ելեկտրոնային արխիւը պիտի յատկացուի Հայաստանի Ազգային գրադարանին՝ ակնկալելով, որ մատենագիտութիւն կազմելու բարդ, երկարամեայ աշխատանքը փայլուն կերպով կատարուի:
Գանտահարեան ուրախութիւն յայտնեց, որ գիտաժողովին ընթացքին կատարուած քննարկումները գործնական արդիւնք տուին, եւ անկէ պիտի շահի Հայաստանի եւ Սփիւռքի մամուլը:
Տարօն Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ հայրը՝ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, սկսած էր կազմել «Ազդակ»ի մատենագիտութիւնը, բայց եւ այնպէս, կանուխ հեռանալով կեանքէն, չհասաւ ի կատար ածել երազը: «Այսօր մենք ուրախ ենք, որ «Ազդակ»ի խմբագրակազմին հետ համաձայնութիւն գոյացնելով՝ կրցանք օրաթերթի թուայնացուած խտասկաւառակները նուիրել Ազգային գրադարանին եւ վստահ ենք, որ այստեղ ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ սիրով պիտի կատարեն մատենագիտութիւնը կազմելու դժուար աշխատանքը: Քանի մը տարի ետք մենք պիտի ունենանք «Ազդակ»ի ամբողջական մատենագիտութիւնը, որ մեծ պատուհան պիտի բանայ Սփիւռքի մամուլին հետ», շեշտեց ան:
Ազգային գրադարանի տնօրէն Հրաչեայ Սարիբէկեան ըսաւ, որ «Ազդակ» օրաթերթի մատենագիտութիւնը կազմելու համար պիտի կազմուի աշխատանքային խումբ մը։ «Շատ կարեւոր իրադարձութեան մը մեկնարկը ազդարարուեցաւ այսօր: Կը թուի, թէ մամուլը այսօր տպագրուեցաւ, գնաց պատմութեան գիրկը, բայց այդ պատմութիւնը փրկելը, իւրաքանչիւր յօդուած հասանելի դարձնելը կարեւոր են: Յատկապէս կարեւոր կը նկատեմ սփիւռքահայ մամուլին մատենագիտութիւնները կազմելը, որովհետեւ տարբեր գաղութներու մէջ լոյս տեսնող մամուլը խորհրդային տարիներուն բոլորովին դուրս մնացած է մեր ուշադրութենէն: Մենք կը գիտակցինք, որ չափազանց կարեւոր այս գործը իրականացնելը նաեւ բարդ պիտի ըլլայ, որովհետեւ 1927էն ի վեր լոյս տեսնող պարբերականին մասին է խօսքը, բայց վստահ եմ, որ Ազգային գրադարանի աշխատակիցները ամենայն պատասխանատուութեամբ պիտի մօտենան գործին եւ «Ազդակ»ի 100ամեակին ամբողջական մատենագիտութիւնը պատրաստ պիտի ըլլայ», շեշտեց Հրաչեայ Սարիբէկեան: