ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին Երեքշաբթի, 18 Փետրուարին եւ Հինգշաբթի, 20 Փետրուարին պիտի նշէ հայութեան եկեղեցական ու ազգային պատմութեան ամէնէն նուիրական եւ յիշատակելի տօներէն՝ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից եւ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօները։
Արեւմտեան թեմի աւանդութիւններուն համաձայն՝ այս տօներուն առիթով տեղի պիտի ունենայ ժամերգութիւն եւ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ՝ նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին եւ մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն։
Նկատի ունենալով, որ Ս. Ղեւոնդեանցը տօնն է Հայ քահանայից, հոգեւորականաց համագումար յատկացուած է այս տօնին։
Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, Երեքշաբթի, 18 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ գիշերային ու առաւօտեան ժամերգութիւն եւ պիտի կատարուի հոգեւոր խորհրդածութիւն, որոնց պիտի յաջորդէ հոգեւորականաց համագումարը։
Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ, Հինգշաբթի, 20 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ պիտի մատուցուի հանդիսապետութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան։ Արարողութեան աւարտին պիտի երգուին տօնին յատուկ շարականներ եւ ազգային երգեր։
«Կը հրաւիրենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու այս արարողութիւններուն, վերանորոգուելու Ս. Ղեւոնդեանց եւ Ս. Վարդանանց պատգամով ու վերահաստատելու եկեղեցական եւ ազգային արժէքներուն հանդէպ հաւատարմութեան մեր ուխտը», նշուած է առաջնորդարանին յղած հաղորդագրութեան մէջ։