ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան, խօսելով ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած Փաշինեան-Ալիեւ բանավէճին մասին, դիտել տուաւ, որ անիկա անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ պաշտօնական Պաքուն պատրաստ չէ որեւէ բնականոն, կառուցողական քայլի:
Ան զարմանք յայտնեց, որովհետեւ կը պատկերացնէր, որ Ալիեւ քիչ մը աւելի խոր գիտելիքներ պէտք է ունեցած ըլլայ սեփական պատմութեան մասին: Պաշտօնական Պաքուն եւ անոր ղեկավարը կը մոռնան իրենց նորագոյն պատմութիւնը, նկատել տուաւ Դաւիթ Բաբայեան՝ ըսելով, թէ Իլհամ Ալիեւի հայրը՝ Հայտար Ալիեւ, 1994ին եւ անկէ ետք քանի մը անգամ զինադադար խնդրած էր։ Ըստ Բաբայեանի՝ ան դիմած էր Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան՝ նամակին մէջ նշելով Ղարաբաղի Հանրապետութիւն եւ խնդրելով զինադադար. «Այդ նամակներուն բնօրինակները մեր մօտ են, եթէ այդպէս է, այն ժամանակ չկար որեւէ այլ հարց, հիմա իր որդին այլ բաներ է խօսում, պէտք է զօրքեր դուրս բերել եւ այլն, այսինքն՝ այս բոլորը ցոյց են տալիս, որ Ադրբեճան պետութիւնը պատրաստ չի որեւէ կառուցողական երկխօսութեան»: Դաւիթ Բաբայեան շեշտեց, որ այս բանավէճէն ետք պէտք է գիտակցիլ, որ Ատրպէյճանի պահանջները չեն փոխուած: