ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 24էն 28 Փետրուար, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ պիտի գումարուի Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը՝ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդին կազմակերպութեամբ:
Խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին Հայ Դատի առաւել քան 20 յանձնախումբերէ եւ գրասենեակներէ շուրջ 50 ներկայացուցիչներ:
Համաժողովին օրակարգը կը վերաբերի Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն աշխատանքներու բոլոր ոլորտներուն՝ Արցախի հիմնահարցէն մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում, հատուցումներ, Թուրքիա-Ատրպէյճան հակահայ պայքար եւ այլն: Պիտի քննարկուին նախորդ շրջանի աշխատանքները եւ ապագայի անմիջական ծրագիրները:
24 Փետրուարին, Երեւանի մէջ պիտի կատարուի խորհրդաժողովին բացումը: 25 Փետրուարին աշխատանքները պիտի շարունակուին Ստեփանակերտի մէջ՝ Արցախի Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ: