ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի նախկին վարչապետներ Վազգէն Մանուկեան, Խոսրով Յարութիւնեան, Կարէն Կարապետեան, ինչպէս նաեւ Արցախի նախկին վարչապետ Անուշաւան Դանիէլեան կը պատրաստուին Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոց բանտարկութիւնը իրենց անձնական երաշխաւորութեամբ փոխարինելու առաջարկ ներկայացնել դատարանին:
Տեղեկութիւնը փոխանցեց Քոչարեանի փաստաբանական խումբը, որ այդ առումով կը պատրաստէ անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, որպէսզի յառաջիկայ դատական նիստերէն մէկուն ներկայացնէ համապատասխան միջնորդութիւնը: