ՀՌՈՄ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, 23 Փետրուարին, մինչ Իտալիոյ առաջին դասակարգի ֆութպոլի մրցաշարքի մրցումներուն մեծ մասը յետաձգուեցաւ՝ երկրին մէջ «Քորանա» ժահրին ստեղծած մտավախութիւններուն հետեւանքով, մայրաքաղաքի «Ռոմա» ֆութպոլի խումբը 4-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց «Լեչէ» խումբին դէմ։
Յաղթանակը կերտողներէն գլխաւորը Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեանն էր, որ մրցումին 13րդ վայրկեանին, մրցակիցէն գնդակը գողնալէ ետք, հոյակապ փոխանցում մը կատարեց իր թուրք խմբակից Ճենկիզ Ունտերին, որ դիւրին կօլ մը նշանակեց։
Մխիթարեան 37րդ վայրկեանին կրկնապատկեց արդիւնքը, դաշտի կեդրոնէն սուրալով եւ լաւ զետեղուած փոխանցում մը ստանալով պոսնիացի Էտին Ճեքոյէն, որ իր կարգին նշանակեց մրցումին 3րդ կօլը։
Մրցումէն ետք տրուած հարցազրոյցին ընթացքին, մարզիչ Փաուլօ Ֆոնսեք դրուատեց Մխիթարեանի խաղարկութիւնը եւ կրկնեց, որ կը փափաքի մէկ տարուան վարձակալութեան համաձայնագիրով անգլիական «Արսէնալ»էն ժամանած Մխիթարեանը պահել «Ռոմա»ի մէջ, իբրեւ մնայուն մարզիկ։
Իր կարգին, մրցումին լաւագոյնը ընտրուած Մխիթարեան յայտնեց, որ յաղթանակը յոյժ կարեւոր էր խումբին ինքնավստահութիւնը վերականգնելու տեսակէտէն, որովհետեւ նախորդ երեք մրցումներուն «Ռոմա» պարտութիւններ կրած էր։
Այս յաղթանակէն ետք, «Ռոմա» մնած 5րդ դիրքին վրայ։