ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Իրանի մէջ, Ուրբաթ, 21 Փետրուարին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան ընտրատարածքին համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին Ռոբերտ Բեգլարեան եւ Էմին Յովսէփ։
Հարաւային Իրանի հայութիւնը, կառչած մնալով իր քաղաքացիական եւ ազգային իրաւունքներուն՝ մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն, եւ աւարտին 1563 քուէաթերթիկներէն արձանագրուեցաւ հետեւեալ արդիւնքը՝ Բեգլարեան՝ 1157 ձայն, Յովսէփ՝ 392 ձայն, իսկ 14 քուէ՝ անվաւեր: Խորհրդարանի պատգամաւոր ընտրուեցաւ Ռոբերտ Բեգլարեան։
Նշենք, որ Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեան, այցելելով Նոր Ջուղայի եւ Շահինշահրի ընտրատեղամասերը, մօտէն ծանօթացաւ կատարուող աշխատանքներուն: Վերոնշեալներէն բացի՝ Շիրազի եւ Փերիոյ շրջանի Բոլորան հայաբնակ գիւղին մէջ եւս գործեցին մէկական ընտրատեղամասեր:
Միւս կողմէ, Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր ընտրուեցաւ Արա Շահվերդեան: Հրապարակուած նախնական տուեալներուն համաձայն՝ Թեհրանի 15, իսկ Թաւրիզի, Ուրմիոյ, Արաքի, Սարիի, Գորգանի եւ Անզալիի մէկական, ինչպէս նաեւ՝ Թեհրանի 2 շրջիկ ընտրատեղամասերուն մէջ ընտրութիւններուն մասնակցեցան 5370 ընտրողներ: Շահվերդեանի ի նպաստ քուէարկեցին 3498 ընտրողներ (65 տոկոս), իսկ Արիս Շահբազեանին՝ 1312 ընտրողներ (24 տոկոս)։