ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ, Չորեքշաբթի, 19 Փետրուարին, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի 8րդ կարգի աշակերտները այցելեցին Ազգային առաջնորդարան, ընկերակցութեամբ փոխտնօրէն Վարդգէս Նալպանտեանի եւ դաստիարակներու։
Աշակերտները նախ ուղղուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռը, ուր դիմաւորուեցան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Այցելուները արտասանեցին Տէրունական աղօթքը եւ Ս. Վարդանանց տօնին նուիրուած «Նորահրաշ» շարականի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ, մասնակցութեամբ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեանի եւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեանի։
Ապա, «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ աշակերտները ներկայացուցին Ս. Վարդանանց տօնին նուիրուած գեղեցիկ յայտագիր մը։ Անոնք ելոյթ ունեցան բացման խօսքով՝ Ղեւոնդ Երէցի եւ Վարդանի ճառերէն հատուածներու ընթերցումներով, դաշնամուրի վրայ նուագով, երգով, ասմունքներով եւ խմբերգերով։
Իր պատգամին մէջ, առաջնորդ սրբազանը նախ ողջունեց աշակերտները եւ գնահատեց անոնց ներկայացումը՝ յիշեցնելով, որ մատրան մէջ զետեղուած հայոց՝ քրիստոնէութեան դարձին նուիրուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Ս. Տրդատ Թագաւորի, Ս. Սահակ կաթողիկոսի, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի գիրերու գիւտին եւ Սրբոց Վարդանանց սրբանկարները մեր հաւատքի, ազգային մշակոյթին ու յաւերժութեան պատգամները կը խորհրդանշեն եւ մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութեան հիմնաքարերն են։
Անդրադառնալով Վարդանանց հերոսներուն՝ քաջ Վարդանի եւ Ս. Ղեւոնդ Երէցի ճառերէն ընթերցուած հատուածներուն, ան հարցում-պատասխանի միջոցաւ երկխօսութիւն ստեղծեց աշակերտներուն հետ՝ հարց տալով, թէ Վարդանանց տօնը ի՛նչ խորհուրդ ունի իրենց համար՝ դարձեալ շեշտելով. «Մեր հաւատքը հաստատելով ամուր վէմի վրայ, Քրիստոսի սիրով, հայրենասիրութեամբ եւ մեր նախնեաց հաւատքով ընթանանք առաջ, վկա՛յ մեր անկախ հայրենիքն ու ազատագրուած Արցախը»։
Առաջնորդ սրբազանը օրհնեց ուսուցիչները եւ աշակերտները՝ մաղթելով, որ իրենց դաստիարակներուն օրինակին հետեւելով, աշակերտներն ալ դառնան ապագայ ուսուցիչներ եւ դաստիարակեն սերունդներ։
Հանդիպումը վերջ գտաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի ու Հայաստանի քայլերգի խմբերգումով։