Աւստրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ՝ 22 Փետրուարին, Սումկայիթի Ջարդերուն 32 եւ Պաքուի Ջարդերուն 30 ամեակներուն առեթներով ցոյց-քայլարաշ մը տեղի ունեցաւ Վիեննայի կեդրոնական փողոցներուն վրայ:
Ցուցարարները Հայաստանի, Արցախի ու Աւստրիոյ դրօշներով, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանը դատապարտող պաստառներով նախ հաւաքուեցան Վիեննայի նշանաւոր Հոֆպուրկ պալատին Հելտըն հրապարակին վրայ:
Ցոյցին բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ այս առթիւ պատրաստուած անգլերէն ու գերմաներէն յայտարարութիւններուն բարձրաձայն ընթերցումով: Ապա ցուցարարները քալելով եւ Սումկայիթի ու Պաքուի ջարդերը յիշող եւ դատապարտող կոչերով ուղղուեցան Վիեննայի կեդրոնական հրապարակներէն Ս. Ստեփանոսի հրապարակը:
Հազարաւոր զբօսաշրջիկներու եւ տեղացիներու ուշադրիր եւ հետաքրքիր նայուածքներուն դիմաց, ցուցարարները անգամ մը եւս յիշեցուցին Ատրպէյճանի ոճրագորուծութիւննեը, անոր վարած հակահայ ու ռազմատենչ քաղաքականութիւնը, Սումկայիթի ու Պաքուիի ջարդերուն պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկելու, զոհերուն յիշատակները յարգելու եւ փոխահատուցելու, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական իրաւական պետութիւն ըլլալու եւ Ատրպէյճական ոտնձգութիւնները կանխարգիլելու անհրաժեշտութիւնը:
Տեղին է նշել, թէ Ատրպէյճանի իսկական դիմագիծը ներկայացնող թռուցիկներ, գիրքեր ու տեսերիզներ բաժնուեցան հազարաւոր անցորդներու:
Ցոյց-քայլրաշաւը վերջ գտաւ այն թելադրանքով, որ աշխարհը եւ արեւմուտքը պէտք է հայութեան հանդէպ գործադրուած պատմական աղէտները նկատի առած՝ յաւելեալ ճնշում բանեցնեն Ատրպէյճանի վրայ, ջանք չխնայեն, որպէսզի Սումկայիթի ու Պաքուի անպատիժ մնացած ջարդերուն նման ոճրագործութիւններ չկրկնուին ու խաղաղ ճանապարհներով Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը երաշխաւորուի:
ԱՒՍՏՐԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ