ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Ստեփանակերտի Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի նախագահի թեկնածու, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ՝ Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան եւ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցան հանրապետութեան մշակութային գործիչներու հետ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ազգային ժողովին մէջ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ծաւալած արգասաբեր օրէնսդիր գործունէութեան, Արցախի ներքին եւ արտաքին հարցերու լուծման առումով ՀՅԴի կատարած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ մշակութային բնագաւառի զարգացման վերաբերեալ Դաշնակցութեան տեսլականին:
Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամները պատասխանեցին նաեւ ներկայ մշակութային գործիչներուն բարձրաձայնած մտահոգիչ շարք մը հարցումներուն, որոնց ծիրին մէջ քննարկուեցան ազգային, մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ զարգացման վերաբերող հարցեր:
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սերգէյ Շահվերդեան: