ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով 25 Փետրուարին Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը պարգեւատրուեցաւ «Երախտագիտութիւն» մետալով՝ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման վերաբերող աշխոյժ գործունէութեան, Արցախ-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման առումով ներդրած նշանակալի աւանդին համար:
«Երախտագիտութիւն» մետալը Բակօ Սահակեան յանձնեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին՝ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին ընթացքին: