ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 25 Փետրուարին ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:
Հանդիպման, որուն մասնակցեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան քննարկուեցան հայրենիք-Սփիւռք կապերուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: