ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Արցախի Հանրապետութեան համապետական ընտրութիւններու քարոզարշաւին մեկնարկը ՀՅԴի պատգամաւորի թեկնածուները՝ նախագահական թեկնածու, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի գլխաւորութեամբ, ազդարարեցին Արցախի եւ Հայաստանի ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի զոհուած վայրին մէջ՝ Մարզիլի գիւղին մերձակայքը տեղադրուած խաչքար յուշարձանին յարգանքի տուրք մատուցելով:
Յարգանքի տուրք մատուցելով Աւոյի յուշաքարին՝ Դաշնակցութեան համամասնական ցանկը գլխաւորող Դաւիթ Իշխանեան, Արթուր Մոսիեան, Վահրամ Բալայեան, Արմինէ Յարութիւնեան, Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Սուրէն Շինդեան եւ անոնց ընկերակցող դաշնակցական գործիչները իրենց հաւատարմութիւնը յայտնեցին ազգային ազատագրական պայքարին ընթացքին զոհուած հերոսներուն:
ՀՅԴ գործիչները յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին Արցախի ժողովուրդին պիտի ներկայացնեն Դաշնակցութեան դիրքորոշումները եւ մօտեցումները՝ ժողովրդավարական համակարգի կառուցման, ընկերային արդարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան հաստատման ուղղութեամբ:
Նշենք, որ Դաշնակցութիւնը քարոզարշաւի առաջին օրը հանդիպումներ կը նախատեսէ Վազգէնաշէն, Միւրիշէն, Աւդուռ, Հացի, Նորշէն եւ Աշան գիւղական համայնքներու բնակչութեան հետ:
26 Փետրուարին հրապարակուեցան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրին հիմնադրոյթները, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ.
«- Արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացում Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը եւ վերականգնումը.
«- Արցախի անվտանգութեան ապահովման եւ իրաւական կարգավիճակի յստակեցման նպատակով Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի իրաւապայմանագրային ամրագրումը.
«- Սոցիալական արդարութեան, մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան, քաղաքացիների հաւասարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան վրայ հիմնուած ներազգային համերաշխութեան ապահովումը.
«- Կոռուպցիայի եւ հովանաւորչութեան դէմ անզիջում պայքարի միջոցով քաղաքացիների լիակատար հաւասարութեան ապահովումը.
«- Պետական համակարգի հաւասարակշռման, անմիջական ժողովրդավարութեան ընդլայնման ու ամրապնդման նպատակով՝ Արցախի Հանրապետութեան նոր սահմանադրութեան ընդունումը.
«- Վերաբնակեցման համակարգուած, լայնածաւալ ու հետեւողական իրականացումը.
«- Երիտասարդ քաղաքացիների ինքնադրսեւորման լիակատար հնարաւորութիւնների ապահովումը.
«- Ազգային հարստութեան՝ բնական պաշարների խելամիտ եւ օպտիմալ (լաւագոյն կերպով-Խմբ.) օգտագործման ապահովումը.
«- «Ազգ-բանակ» հայեցակարգի հիման վրայ պաշտպանական համակարգի կատարելագործումը»։