ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, 27 Փետրուարին, Լիբանան իր ջուրերուն մէջ պաշտօնապէս սկսաւ ուժանիւթի պեղումներու, առաջնորդութեամբ հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունի, որ շեշտեց, թէ 27 Փետրուարը Լիբանանի համար պատմական օր մըն է։
Մէկ օր առաջ պատկերասփռուած ելոյթի մը ընթացքին, Աուն նշեց, որ պեղումի աշխատանքը պիտի ըլլայ երկիրը «անդունդէն բարձրացնող հիմնաքարը», ինչպէս նաեւ հիմնական փուլ մը՝ երկրին եկամտաբեր տնտեսութիւնը վերածելու արտադրողական տնտեսութեան: «Լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի եւ բնական կազի հարստութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն կը պատկանի եւ անոր պաշտպանութիւնը պիտի ըլլայ նոյնքան ամուր, որքան երկրին ցամաքային սահմաններու պաշտպանութիւնը», հաստատեց ան: