ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններուն յորդորեց ձեռնպահ մնալ օրէնքով չնախատեսուած քայլերով բանակը քաղաքական զարգացումներու մէջ ներգրաւելէ:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս մասին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ վերջին շրջանին, պայմանաւորուած Արցախի Հանրապետութեան մէջ մեկնարկած նախընտրական գործընթացներով, որոշ հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներու կողմէ փորձ կը կատարուի բանակը ձեւով մը ներգրաւել տուեալ զարգացումներուն մէջ, ինչն որ անթոյլատրելի է:
«Արցախի զինուած ուժերի հրամանատարութիւնն, իր խորը մտահոգութիւնը յայտնելով նշուած դրսեւորումների վերաբերեալ, եւս մէկ անգամ յիշեցնում է, որ բանակն ունի մէկ գլխաւոր առաքելութիւն, այն է՝ ապահովել հայրենիքի սահմանների անվտանգութիւնն ու ժողովրդի խաղաղ կենսագործունէութիւնը եւ դրանով իսկ բարենպաստ պայմաններ ստեղծել մեր պետականութեան հզօրացման եւ ամրապնդման համար:
«Հաւաստիացնում ենք, որ զինուած ուժերը հանդիսանալով մեր ժողովրդի համահաւաքութիւնն ու միասնականութիւնը խորհրդանշող բացարձակ արժէք, երբեւէ չի ունեցել եւ չունի որեւէ քաղաքական երանգ կամ կողմնորոշում: Այն, ինչպէս միշտ, եղել ու կը մնայ մեր ազգային իղձերի ու նպատակների իրագործման առաջնագծում եւ միայն ու միայն կ՛առաջնորդուի հայրենիքը արտաքին թշնամուց պաշտպանելու սրբազան առաքելութեամբ», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ։
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ բարձր գնահատելով մեր հանրապետութեան ներքաղաքական կեանքին մէջ տեղ գտնող համապետական կարեւորութեան նախաձեռնութիւնները, որոնց կարգին նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն դերն ու նշանակութիւնը, այս յայտարարութեամբ կոչ ուղղեց Արցախի մէջ գործող բոլոր հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններուն եւ յորդորեց ձեռնպահ մնալ օրէնքով չնախատեսուած քայլերով բանակը քաղաքական զարգացումներու մէջ ներգրաւելէ։