ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ազգային հերոս, Արցախի հերոս, պետական եւ ռազմական գործիչ Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան տարեդարձի օրը՝ 5 Մարտին, Եռաբլուր այցելեցին եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Հայաստանի բանակի հրամանատար զօր. Արտակ Դաւթեան, բանակային բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, զինուորականներ, ինչպէս նաեւ Վազգէն Սարգսեանի հարազատները, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, ազատամարտիկներ, երկրապահ կամաւորականներ եւ ուրիշներ։
Արմէն Սարգսեան ծաղիկներ զետեղելէ ետք ըսաւ. «Ես եկել եմ Եռաբլուր՝ իմ ընկերոջ Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան օրուայ առթիւ»:
Պաշտպանութեան նախարարը եւ անոր ընկերակցողները խոնարհեցան սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի յուշաքարերուն առջեւ եւ հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշապատին դիմաց: