ԹԵՀՐԱՆ.- «Ալիք»ը անդրադաձաւ 5 Մարտին, իրանահայ կնոջ մը մահուան մասին լուրերուն, կոչ ընելով, որ լրատուամիջոցները զերծ մնան ապատեղեկատուութենէ եւ պաշտօնական տեղեկատուութեան հետեւիլ «Ալիք» օրաթերթին եւ Ազգային առաջնորդարանին կայքին միջոցով:
«Ցաւով տեղեկացանք, որ 5 Մարտին, «Մասիհ Տանեշուար» հիւանդանոցին մէջ մահացած է իրանահայ կին մը: 84ամեայ Էլսին «Մասիհ» հիւանդանոցը տեղափոխուած էր սուր շնչառական հարցերու պատճառով: Անոր մօտ կը կասկածուէր «Քորոնա» ժահրին COVD-19 տարբերակի հիւանդութիւնը: Հաստատուեցաւ, որ հանգուցեալին մահուան պատճառը եղած է H1N1 տենդախառն հարբուխը», կ՛ըսուի լրատուութեան մէջ:
6 Մարտի դրութեամբ՝ աշխարհի տարածքին, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած են 98,385 անձեր, որոնցմէ 3383ը մահացած է, իսկ 55,423ը՝ առողջացած: