6 Մարտ 2020ին, Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ՝ տեղի ունեցաւ Արցախին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն մասնակցեցաւ աշխատանքային այցելութեամբ Կիպրոս գտնուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան։ Ընթացքին յայտարարուեցաւ Կիպրոսի մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակի ստեղծման մասին: Բարեկամութեան շրջանակի անդամ են Կիպրոսի խորհրդարանի եւ քաղաքային խորհուրդներու անդամներ, յայտնի քաղաքական գործիչներ ու գիտնականներ:
Ներկաներուն իր խօսքը ուղղելով՝ Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան բացատրեց Արցախի բարեկամներու շրջանակին կազմութեան դրդապատճառները, ապա յայտարարեց խմբակի անդամներուն անունները:
Իր ելոյթին ընթացքին Արցախի արտաքին գործոց փոխնախարարը ներկայացուց Արցախի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները եւ հանրապետութեան մարտահրաւէրները: Ան նաեւ նշեց տարբեր մակարդակներու վրայ արտաքին յարաբերութիւններու հաստատման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը՝ կարեւոր նկատելով խորհրդարանական դիւանագիտութեան ձեւաչափը միջազգային հոլովոյթներուն մէջ Արցախի ներգրաւուածութեան ընդլայնման առումով:
Արմինէ Ալեքսանեան լուսարձակի տակ առաւ շարք մը երկիրներու մէջ գործող Արցախի հետ բարեկամութեան խումբերու եւ շրջանակներու դերը՝ Արցախի մասին իրազեկուածութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու հաստատման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման առումով: Այս ծիրին մէջ փոխնախարարը յատկապէս կարեւոր նկատեց Կիպրոսի մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակի ստեղծումը, որ կարելիութիւն պիտի տայ կեդրոնացնելու ջանքերը՝ հաստատութենական մակարդակով ամրապնդելու եւ զարգացնելու երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ նպաստելու Կիպրոսի մէջ Արցախի ճանաչելիութեան բարձրացման եւ հանրապետութեան շահերու յառաջ մղման:
Ան նաեւ բարձր գնահատեց Սփիւռքի աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը Արցախի մէջ զարգացման զանազան ծրագիրներու իրականացման մէջ, ինչպէս նաեւ գործուն աջակցութիւնը հանրապետութեան արտաքին կապերու հաստատման եւ ընդլայնման:
Նոյն օրը Արմինէ Ալեքսանեան, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի եւ Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ՝ այցելեց Կիպրոսի Հայոց առաջնորդարանը եւ հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Կողմերը ընդգծեցին նման ձեւաչափով հանդիպումներու կարեւորութիւնը՝ համահայկական հարցերու քննարկման համար:
Արմինէ Ալեքսանեան այցելեց նաեւ Նիկոսիոյ Նարեկ հայկական վարժարան, հանդիպում ունեցաւ վարժարանի ղեկավարութեան եւ սաներուն հետ: