Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Թուրքիոյ նախագահը դարձած ըլլալով խօսակից Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներուն, բնական է որ իր փառասիրութիւնը աճի: Եւ արդէն ան ինքզինք կը տեսնէ Մեծերու ակումբին մէջ, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամներուն սեփականութիւնն է: Ռեչէփ Էրտողան կը պահանջէ վեցերորդ աթոռը կամ կը մտածէ, որ անդամներէն մէկը կամ միւսը այլեւս մեծ չէ եւ իր տեղը պէտք է զիջի իրեն… Այսօր նման ցանկութիւն կրնայ զարմացնել, բայց վաղը, երբ Մեծերը իրենց մրցակցութիւններուն յաջողութեան համար նեցուկ փնտռեն, կրնան բաւարարել այդ փառասիրութիւնը, գիտնալով հանդերձ, որ օր մը պիտի զղջան, ինչպէս այսօր, երբ ահազանգ կը հնչեցնեն թրքական սպառնալիքներուն դէմ:
Թէեւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ մնայուն աթոռ ունենալու թեկնածուները շատ են, ինչպէս Գերմանիան, Հնդկաստանը, Ինտոնէզիան…
Կայսերական փառասիրութիւններով տարուած Ռեչէփ Էրտողանի Թուրքիան արագացուցած է իր տիրակալութեան ցանկութիւններու իրականացման ընթացքը: Պատմութենէն ժառանգուած եւ յաճախ յաջողած պասքիւլի (հրմշտուքի-Խմբ.) քաղաքականութեան ընձեռած թափով, Թուրքիա կը հետապնդէ իր նպատակները, հաւանօրէն խորհելով, որ անցեալի պաղ պատերազմը կը շարունակուի, Արեւմուտքը ընդդէմ Խորհրդային Միութեան, երբ ինք կը գործակցէր արեւմտեաններուն, կը պահէր նեղուցները եւ իր հողամասին վրայ ընդունած էր ամերիկեան զինուորական խարիսխները, Կովկասի շուրջ, փոխան լիաբուռն օժանդակութիւններու:
Արդարութիւն եւ բարգաւաճում (AKP) կուսակցութեան իշխանութեան տիրացումով, կրօնական մոլեռանդութեան եւ անցեալի կայսերական երազանքի ենթահողին վրայ, Ռեչէփ Էրտողան բացորոշ կերպով կը հետեւի ծաւալապաշտական քաղաքականութեան: Այդ ընելու համար, բացորոշ կերպով կ՛ուզէ քաղաքական ազդեցութիւն ձեռք բերել եւ կ՛օգտագործէ եւրոպական երկիրներ ապաստանած թուրք աշխատաւորութիւնը: Այսինքն, Վիեննայի դռներուն առջեւ 1683ին կանգ առած օսմանեան նուաճողականութիւնը նոր թափ կը ստանայ: Կարծէք պատմութիւնը կը կրկնուի նոր ոճով: Երիտթուրքերը, որոնք հրապարակ եկած էին կայսրութիւնը արդիականացնելու կարգախօսով, որպէս քաղաքական-կազմակերպական նպատակ որդեգրեցին եւ գործադրեցին երկրի ցեղային միատարրութիւնը, որուն զոհ գացին հայերը եւ ուրիշ փոքրամասնութիւններ, ինչպէս ասորի քաղդէացիները, կայսրութեան միութիւնը ստեղծելու միտումով, նոյն ընթացքը ունի Էրտողանի Թուրքիան:
Առաջին աշխարհամարտի աւարտին, անդամահատուած կայսրութիւնը դարձաւ Թուրքիա, թրքական ազգայնականութեան գաղափարախօսութեամբ: Ռեչէփ Էրտողան ազգայնական Թուրքիոյ նկարագիրը լրացուց իսլամականութեամբ, միատարրութիւն ստեղծելու համար, հեռանալով Մուսթաֆա Քեմալի արդիական եւ աշխարհիկ պետութեան գաղափարէն, քարոզչական նպատակով պահելով ժողովրդավարական նկարագիրը, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում (AKP) կուսակցութեան իշխանութեան տիրացումով: Շպարելով մենիշխանութիւնը, նպատակ է վերականգնել խալիֆայութիւնը, համայն հաւատացեալներու միութեամբ: Զարմանալի չէր, այս նպատակի իրականացման ճամբուն վրայ, Թուրքիոյ անթաքոյց աջակցութիւնը իսլամ ծայրայեղական կազմակերպութիւններուն, երբ ան, միաժամանակ ճապկումներով, կը գործակցէր արեւմտեան ժողովրդավարական ուժերուն, որոնք իրենց կարգին, գիտնալով հանդերձ այդ երկդիմի խաղը, կը շարունակէին մնալ խաղին մէջ, միջազգային վարկ տալով անոր:
Ռեչէփ Էրտողան կը շահագործէ արաբական երկիրներու ներքին կացութիւնը՝ Թուրքիան ներկայացնելով որպէս իսլամ բայց ժողովրդավարական կարգերու օրինակ: Միւս կողմէ կը հետապնդէ ազգայնական-ծաւալապաշտական իր միտումները, ակնկալելով, որ Թուրքիոյ օրինակով, հոն ալ ծաւալին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում (AKP) կուսակցութեան պատկերով կազմակերպութիւններ, իբրեւ իսլամական ժողովրդավարութիւն, եւ տիրանան իշխանութեան, թիրախ ընտրած ըլլալով, օրինակ, Թունուզը, Լիպիան եւ Եգիպտոսը:
Բայց Եգիպտոս չհետեւցաւ այդ ուղիին, մարաջախտ Սիսի, բանակը, պարզ է, ազգայնականները տէր դարձան իշխանութեան: Իսկ պատմաքաղաքական իրողութիւն է, որ Եգիպտոս առաջնորդող դիրք ունի արաբական աշխարհին մէջ, կը վայելէ Սէուտական Արաբիոյ եւ արաբական իշխանապետութիւններու զօրակցութիւնը, որոնք անդրդուելի հակառակորդներներն են «Իսլամ եղբայրներ» կազմակերպութեան: Թուրքիա նաեւ բացասական դեր ունի Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ, օրինական եւ ազգային իշխանութիւններուն հակադրուած ուժերուն օժանդակելով: Այդ օժանդակութեան մահասփիւռ արտայայտութիւնը եղաւ Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքի եւ անոր շրջակայ գիւղերու ողբերգութիւնը:
Այն օրէն ի վեր, երբ արեւելեան Միջերկրականի մէջ յայտնաբերուեցան կազի եւ նաւթի արտահանման կարելիութիւններ, Թուրքիա կը խախտէ երկիրներու ծովային տարածքները՝ նաւթ փնտռելու համար, ինչ որ ապագային կրնայ շրջանի երկիրները դնել նոր բարդութիւններու առջեւ, եւ թերեւս ալ պատճառ կ՛ըլլայ միջազգային տագնապի, եւ քիչ մըն ալ աւելիին:
Թուրքիա կը հետապնդէ արաբական աշխարհին վրայ իր ազդեցութիւնը տարածելու նպատակ, միշտ օգտագործելով կրօնական ազդակը: Նաեւ, Թուրքիա երկրի տարածքին գործող միակ վտանգաւոր համարուած փոքրամասնութիւնը (եթէ տասնեակ միլիոններով մարդոց հաւաքականութիւնը կարելի է փոքրամասնութիւն համարել) կ՛ուզէ վերջնականապէս ճզմել, ինչպէս ըրած էր հայերու պարագային: Այս ընելու համար կ՛ուզէ Թուրքիոյ քիւրտերը զրկել արտաքին օժանդակութիւններէ, առաջին հերթին Սուրիոյ եւ Իրաքի քիւրտերուն հետ անոնց կապէն:
Անպատժելիութեան վարժուած Թուրքիա ծովուն յատակը փորելու համար նաւ կը ղրկէ Կիպրոսի ծովային հակակշիռի տակ եղող շրջանները: Իր ծաւալապաշտական գործունէութիւնը դէմ կ՛երթայ բազմաթիւ երկիրներու շահերուն, ինչպէս Կիպրոսի, Իսրայէլի, Եգիպտոսի եւ Յունաստանի, ստեղծելով պայթիւնավտանգ կացութիւն:
Պատմութիւնը բացասական կերպով պիտի դատէ Եւրոպայի եւ ընդհանրապէս քաղաքակիրթ-ժողովրդավար աշխարհի կրաւորականութիւնը, ենթակայութիւնը, Թուրքիոյ ծաւալապաշտական նկրտումներուն դիմաց, որուն բեմն է նաեւ Հիւսիսային Ատլանեանի Ուխտի (OTAN) անդամ երկիրներու պարագան: Քաղաքական կեանքի հետեւող շարքային մարդը, Եւրոպա, Ամերիկա եւ արաբական երկիրներ, ինքնիրեն հարց կրնայ տալ, թէ ինչպէ՞ս իրենց կառավարութիւնները կը հանդուրժեն իրենց ծոցին մէջ, բայց իրենց դէմ բացորոշ ռազմապաշտ քաղաքականութիւն վարող, եւ նոյնինքն ժողովրդավարութիւնը ծալած եւ վրան նստած երկիր մը: Ինչպէ՞ս կը հանդուրժուի, որ Եւրոմիութեան անդամ Կիպրոսի մէկ մասը բռնագրաւուած մնայ թրքական ներխուժման բանակին կողմէ, անպատժելիութեան վարկ տալով բիրտ ուժին: Պէտք է եզրակացնել, որ Եւրոպան իր դաւանած արժէքներուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան միացեալ-միակամ քաղաքականութիւն չունի, ինչ որ Թուրքիոյ թոյլ կու տայ սանձարձակ կերպով վարելու իր ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը:
Զարմանալի է, որ Եւրոպա, ինչպէս կ՛ըսուի, կարծէք մատներու արանքէն կը դիտէ քաղաքական իրադարձութիւնները, աւելի կը զբաղի Պալթեան երկիրներու վերաբերեալ անվտանգութեան խնդիրներով, միշտ խորհելով ռուսական վտանգի մասին, երբ Ռուսիա այլեւս Խորհրդային կայսրութիւնը չէ: Կամաւոր կամ ժամանակավրէպ դարձած շահախնդրութիւններով, Եւրոպա չի տեսներ Թուրքիոյ բերած նպաստը իսլամ ծայրայեղականներուն, թրքական բանակի ներխուժումը այլ պետութիւններու հողամասեր չի գնահատեր որպէս ապօրինութիւն, երէկ՝ Կիպրոս, այսօր՝ Սուրիա, վաղը՝ Լիպիա: Քաղաքական ուժեղ վերաբերում չունի գաղթականները Եւրոպա ղրկելու թրքական սպառնալիքին դէմ: Թուրքիա սուրիական հողամասին վրայ անարգել գործելով, կը միտի ճզմել քիւրտերը, արեւմտեաններու ՏԱԷՇի դէմ պատերազմին երէկի անոնց դաշնակիցը:
Ծաւալապաշտական նպատակներ հետապնդող Թուրքիա փաստօրէն այսօր Եւրոպայի թշնամին է, օգտագործելով կրօնական ծայրայեղութիւնը, ստեղծելով միջազգային պայթուցիկ վիճակ:
Պէտք է յիշել, Առաջին աշխարհամարտի օրերուն, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հանրի Մորկընթաուի խօսքը, որ Թուրքիա քաղաքական աւազակ մըն է, (bandit politique), այսօր ալ ըսողներ կան, որ Թուրքիա կը գործէ աւազակի պէս:
Մինչեւ ե՞րբ:
Պայթիւնավտանգ կացութիւն՝ երէկի իր «բարեկամներ»ուն, արաբական աշխարհին, արեւելեան Միջերկրականի երկիրներուն հետ, եւ երկրին մէջ հաստատուած մենատիրական, բռնատիրական եւ կրօնամոլեռանդական իշխանութեամբ, Թուրքիա ոչ միայն ինքնիրեն համար, այլ նաեւ աշխարհի համար վառօդի տակառ դարձած է:
Մինչեւ ե՞րբ իրենք զիրենք վտանգուած երկիրներ պիտի կարենան հանդուրժել: Եւ ինչո՞ւ:
Աշխարհի մեծերը եւ իրաւարարները ի՞նչ ելք կրնան նախատեսել:
Եթէ ելք չգտնեն…
Եթէ օրին արդարութիւն ըրած ըլլային ժողովուրդներուն, այսօր նուազ վտանգալից աշխարհ մը ունեցած կ՛ըլլայինք:
Որ վաղը կրնայ աւելի վտանգալից ըլլալ, եթէ ոճիրները եւ ոճրային միտումներ չկանխուին:
Այս «եթէ»ն բարոյախօսութիւն չէ, այլ ողջմիտ քաղաքական նախատեսութեան առաջնորդող հարցում: Հարցին չանդրադառնալ մեծերու անպատասխանատուութիւնն է խաղաղութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան տեսանկիւնէ:
Պատմութիւնը կը վկայէ, որ նմանօրինակ անպատասխանատուութիւններ պատճառ եղան երկու աշխարհամարտերու:
Պատմութիւնը բաղդատութիւններով առաջնորդուելու քաղաքական գիտութեան դպրոց է:
Նոպէլեան խաղաղութեան դափնեկիր Էլի Վեզէլ ըսած է. «Անոնք որոնք իրենց պատմութիւնը չեն գիտեր, կրնան կանգնիլ անոր վերադարձին դիմաց», մանաւանդ որ այսօրուան աշխարհին մէջ հեռուն այլեւս մօտ է:
8 Մարտ 2020