ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Ռուսիաբնակ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի «Տաշիր» ընկերութիւնը գնեց «Միջազգային էներգետիկ կորպորացիա» ընկերութիւնը։ Այս մասին տեղեկացուց «Տաշիր» խումբի պաշտօնական կայքը։ «Միջազգային էներգետիկ կորպորացիա» ընկերութիւնը կը պատկանէր «Ռուսհիդրօ» ընկերութեան։ Այս ընկերութեան կը պատկանէր Սեւան-Հրազդան ջրելեկտարակայանը։
«Տաշիր»ը ամբողջութեամբ փակեց ընկերութեան կուտակած պարտքը, նաեւ՝ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան եւ Ասիական դրամատան կուտակած պարտքերը։ Ելեկտրակայաններու շարքին արժէքը կը գնահատուի 2.7 միլիոն տոլարով։
Սամուէլ Կարապետեանի ընտանիքին պատկանող «Տաշիր կապիտալը» նաեւ «Ձորագետ հիդրօ»ի սեփականատէրն է։ Անոնց կը պատկանին նաեւ «Հրազդանջէկը», նախատեսուած է նաեւ «Շնող» ջրելեկտրակայանի կառուցումը։
«Տաշիր»ը նաեւ Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր ընկերութեան սեփականատէրն է։