ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին հրաւէրով, Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը պիտի ժամանէ Կեդրոնական «Ջաւախք» յանձնախումբի ատենապետը՝ Իւան Արտալճեան:
Արտալճեան մեքենագիտութեան ճարտարագէտ է՝ վկայեալ Պոսթընի համալսարանէն: 2009ին, ան ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Հայաստան եւ 2010էն ի վեր կը ղեկավարէ «Զուարթնոց» օդակայանի ելեկտրական բաժինը:
Որպէսզի Ջաւախքի կարեւորութիւնը յատուկ շեշտաւորում ունենայ շրջանի հայութեան մօտ, յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Մարտ ամիսը հռչակուած է «Ջաւախքի Ամիս»: Ամիսը պիտի յատկանշուի հրապարակային, քարոզչական, հանգանակային եւ այլ ծրագիրներով, որոնց ընթացքին հանրութեան պիտի ծանօթացուի Ջաւախքի պատմական կարեւորութիւնը եւ ջաւախքահայութեան կարիքները հոգալու հրամայականը:
ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը ամբողջ տարին ջանք չի խնայեր զանազան ծրագիրներով օգտակար հանդիսանալու ջաւախքահայութեան կեանքի բարելաւման գործին: Այս նպատակով յանձնախումբը, Վրաստանի հարաւային շրջանի Ջաւախքին մէջ կը հովանաւորէ երեք երիտասարդական կեդրոններ, որպէսզի ջաւախքահայութեան գոյատեւման գլխաւոր առանցքը հանդիսացող երիտասարդութիւնը կառչած մնայ իր հողին եւ տէր կանգնի իր պապենական ժառանգին:
«Ջաւախք» հիմնադրամի յանձ-նախումբը ձեզ կը հրաւիրէ իր տարեկան ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 20 Մարտին, Legacy Banquet սրահէն ներս. հասցէ՝ 6410 San Fernando Rd., Glendale, CA 91201:
«Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը կազմակերպած է նաեւ Իւան Արտալճեանի հետ հանրային զրոյց մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 22ին, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, հասցէ՝ 211W. Chestnut St., Glendale, CA 91206:
«Ջաւախքին զօրակցիլը մեր պարտականութիւնն է» կարգախօսով առաջնորդուող այս յանձնախումբը 2001էն ի վեր աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ շրջանին մէջ եւ տարեկան իր հանգանակային, դաստիարակչական եւ գործնական զանազան նախաձեռնութիւններով կը խրախուսէ շրջանի հայութիւնը օգնութեան ձեռք երկարելու Ջաւախքի մեր հայրենակիցներուն:
Հովանաւորութեան, տոմսերու եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հաճեցէք դիմել ՀՕՄի գրասենեակը՝ հեռաձայնելով (818) 500-1343 թիւին կամ ե-ամակին՝ office@arswestusa.org: