ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, 17 Մարտին, երեկոյան ժամը 7:30էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ Խաչիկ Խաչերի նոր հրատարակուած «Կեցցէ՛ Ազատութիւնը» հատորին շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ հեղինակին։
Գիրքը պիտի ներկայացնէ Սեդա Հայրեան։
«Կեցցէ՛ Ազատութիւնը» գիրքը կը պարունակէ հեղինակին մեծ մասամբ 2018-2019ին գրած 55 պատմուածքները, որոնք բազմաբնոյթ են։ Հատորին մէջ կան մարդասիրական պատմուածքներ, ուսանողական տարիներու յուշեր ու պատկերներ, ինչպէս նաեւ պարզ հայրենասիրական գրուածքներ:
Խաչիկ Խաչեր ծնած է Թեհրան, 1946ին, հայկական աւանդական եւ քաղաքական աշխուժութեամբ յայտնի ընտանիքի մը մէջ: Գրող, թարգմանիչ, բանաստեղծ, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ եւ ճարտարագետ Խաչեր կը թարգմանէ եւ կը գրէ հայերէնով, պարսկերէնով, գերմաներէնով եւ անգլերէնով: Հայաստանի մէջ ան հրատարակած է տասնեակէ մը աւելի գիրքեր (հեղինակային եւ թարգմանական) եւ երկու անգամ արժանացած է Ոսկեայ շքանշանի:
Գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։ Մուտք ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 243-4112 թիւին։