ԶԱՔԱՐ ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ
Հանգուցեալ Զաքար Չորպաճեանին մահուան քառասունքին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, Մարտ 15, 2020ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave., յաւարտ Ս. Պատարագի։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Մարի Չորպաճեան
Զաւակը՝ Ճորճ եւ Շողեր Չորպաճեան եւ դուստրերը՝ Արենի եւ Նարէ
Դուստրը՝ Սոնիա եւ Զաւէն Քիլիսեան
եւ զաւակները՝ Ճորճ եւ Ցոլեր
Դուստրը՝ Լիզա եւ Փաթրիք Պաղտասարեան եւ զաւակը՝ Փիթըր
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ
ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան Ցաւակցական Խօսքը Զաքար Չորպաճեանի Մահուան Առիթով
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան եւ Սգակիր Չորպաճեան ընտանիքին
Խոր ցաւով ու վիշտով ստացանք միութեան «Արտակարգ» շքանշանակիր եղբ. Զաքար Չորպաճեանի մահուան գոյժը։
Վաստակաւոր եղբօր մահով ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը կը կորսնցնէ հաւատաւոր միութենական մը, իսկ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի շրջանները՝ նուիրեալ ՀՄԸՄական մը, որուն բովանդակ կեանքն ու գործունէութիւնը եղաւ անսակարկ զոհաբերութիւն՝ մարմնակրթական մեր մեծ միութեան ազգային նպատակներուն։
Եղբ. Զաքար ՀՄԸՄին ծառայեց ամբողջական հաւատարմութեամբ եւ գիտակից պատասխանատուութեամբ։ Անոր յիշատակը վառ պիտի մնայ իր հարազատներուն, սիրելիներուն եւ շրջանի ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներուն մօտ, որոնք պիտի շարունակեն ընթանալ իր ուղիով, գործելով ի սպաս նոր սերունդի առողջ դաստիարակութեան եւ միութենական հայեցի կրթութեան, հաւատարիմ ՀՄԸՄի նշանաբանին՝ «Բարձրացիր-Բարձրացու՛ր»ին։
Այս առիթով, ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը փոխանցէ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները, ընտանեկան պարագաներուն հայցելով մխիթարութիւն, որպէսզի անոնք կարենան յաղթահարել եղբօր մահուան վիշտը։
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
ԶԱՔԱՐ ՉՈՐՊԱՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, հանգուցեալի այրին եւ զաւակները իրենց խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Արք. Տօնոյեանին, Ազգային վարչութեան, Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին, Եփրեմ Արք. Թապաքեանին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէին, ՀՅԴ «Ահարոեան» եւ «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէներուն, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան, ՀՄԸՄի «Լոս Անճելըս»ի մասնաճիւղին, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հովիւին ու հոգաբարձութեան, «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» Ազգային վարժարանի ծնողաօժանդակ մարմինին, «Ազդակ» եւ «Ասպարէզ» օրաթերթերու խմբագրութիւններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, գրութեամբ, հեռաձայնելով, ծաղկեպսակ ուղարկելով կամ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութեամբ մասնակից եղան իրենց սուգին։